Հայոց Ցեղասպանութեան 100-ամեակի «Հորիզոն»ի եռալեզու յաւելուածը ուղարկուեցաւ Գանատայի խորհրդարանի անդամներուն
1434
0
Օթթաուա.- Հայոց Ցեղասպանութեան 100-ամեակին նուիրուած «Հորիզոն» շաբաթաթերթի եռալեզու յատուկ յաւելուածը Մայիս 6-ին ուղարկուեցաւ Գանատայի խորհրդարանի 308 անդամներուն։ Հայերէն, անգլերէն եւ ֆրանսերէն լեզուներով յօդուածները լոյս կը սփռնեն Հայոց Ցեղասպանութեան պատմական փաստերուն վրայ։
Գանատայի խորհրդարանը 2004-ի Ապրիլ 21-ին, թիւ 380 բանաձեւով ճանչցած է Հայոց Ցեղասպանութիւնը։