Հալէպի Մէջ Վիճակը Օրհասական Է. Կոչ՝ Աշխարհասփիւռ Հայորդիներուն


Aleppo-5

ԵՐԵՒԱՆ, «Երկիր».- Ինչպէս կը տեղեկացնէ «Aleppo» ոչ կառավարական կազմակերպութիւնը, վերջին օրերուն Հալէպի մէջ ստեղծուած օրհասական դրութեան պատճառով մեծաթիւ հալէպահայեր դիմած են «Հալէպ» հայրենակցական բարեսիրական հասարակական կազմակերպութեան՝ օգնելու համար իրենց ձեռք բերել մէկ ուղղութեամբ տոմս դէպի Հայաստան: Հաշուի առնելով հայկական համայնքի խիստ ծանր դրութիւնը՝ «Հալէպ» կազմակերպութիւնը կոչ կ՛ընէ ականջալուր ըլլալու եւ կարելիութեան սահմաններուն մէջ աջակցութիւն ցուցաբերելու ծանր դրութեան մէջ յայտնուած եւ օգնութեան խնդրանքով դիմած մեր հայրենակիցներուն:
Հարկ է նշել, որ Հալէպէն Հայաստան տեղափոխուելու գումարը իւրաքանչիւր անձի համար մօտաւորապէս 488 տոլար է:
Անոնք, որոնք ունին սուրիական անձնագիր եւ Հայաստան մուտքի վիզա, ապա Հալէպ-Լիբանան-Երեւան հասնելու ծախսերն են.
– 50 տոլար (իւրաքանչիւր անձի տունէն մինչեւ հանրակառք եւ հանրակառքով դէպի Լիբանան փոխադրութեան ծախս, ներառեալ 2 ճամպրուկ)
– 5.17 տոլար (սահմանը անցնելու ելքի արտօնագիրի սակ)
– 20 տոլար (Լիբանանի օդակայան հասնելու ծախս)
– 360-380 տոլար (MEA ընկերութեան օդանաւի տոմս, մէկ ուղղութեամբ՝ Լիբանանէն Հայաստան, ներառեալ 30 քիլոկրամ ապրանք)
– 8 տոլար (Երեւանի օդակայանէն փոխադրակառքի ծախսը)
– 25 տոլար (այլեւայլ ծախսեր)
Այսպէսով, իւրաքանչիւր անձի համար ընդհանուր գումարը կը հասնի 488 տոլարի:
Այս հաշուարկը կատարուած է նկատի ունենալով, որ 1 տոլարը հաւասար է 290 սուրիական ոսկիի:
Իւրաքանչիւր բարերարի պիտի տրամադրուի իր հովանաւորած անձին հետ կապուելու տուեալները:
Յաւելեալ մանրամասնութիւններու համար դիմել «Հալէպ» հայրենակցական բարեսիրական հասարակական կազմակերպութեան, հետեւեալ թիւերով՝ (00374)-10-545369 կամ (00374)-77-260715։


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.