Սուրիահայերն Ու Յատկապէս Հալէպահայերը Անել Կացութիւններու Դիմաց


0512kantsasar ՀԱԼԷՊ, «Գանձասար».- Ապահովական բազմապիսի դժուարութիւններուն կողքին, սուրիահայերն ու յատկապէս  հալէպահայերը կը դիմագրաւեն տնտեսական լուրջ դժուարութիւններ:

Հալէպ բնակողները անգործութեան եւ սղաճի բերումով դժուարութեամբ կ՛ապահովեն իրենց օրապահիկը: Հալէպէն դուրս գալ փափաքողները սուրիական թղթոսկիի համեմատական անկումին հետեւանքով մեծ գումարներ կը յատկացնեն նախ Լիբանան մտնելու, ապա Հայաստան մեկնելու պարագային օդանաւի տոմս ապահովելու համար: Լիբանան կեցութիւնը եւս ծախսալից է, իսկ հարազատներու մօտ ապաստան գտնելը ժամանակաւոր հանգրուան, որովհետեւ լիբանանցիին համար եւս ապրուստը դժուար է:

Հայաստան հանգրուանող սուրիահայերը բնակարան ապահովելու, աշխատանք գտնելու եւ ընդունելի կենսամակարդակով ապրելու մտահոգութիւնը կ՛ապրին, յատկապէս բազմանդամ ընտանիքներու պարագային:

Ա յսպիսի դժուարութիւններու ծանր լուծին ու անորոշութեան մէջ կը տագնապի սուրիահայն ու մանաւանդ հալէպահայը:

 


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.