Թուրքիոյ Հոգեբոյժներու Միութիւնը կ՚ոգեկոչէ 1915-ի հայ զոհերուն յիշատակը


Թուրքիոյ Հոգեբոյժներու Միութեան կայքէջին վրայ հրատարակուած է հաղորդագրութիւն մը, ուր կը յիշուի, որ ճիշդ հարիւր տարի առաջ հայ մտաւորականներ ու լրագրողներ իրենց տուներէն հաւաքուեցան եւ Ապրիլ 24-ին սկսաւ աղէտներու հոսանք մը, որու հետեւանքով այսօր այլեւս երկրին փողոցներուն մէջ չենք հանդիպիր Արամ հօբարներու, Յակոբ եղբայրներու, Արփենիկ մօրաքոյրերու։

«Մենք, այս երկրին հոգեկան առողջութեան մասնագէտներս՝ երկար ժամանակէ ի վեր ականջ կուտանք Սուրիոյ, Գոպանիի եւ այլ տեղերու անիրաւուած ու իրաւազրկուած մարդոց ցաւերուն, այն մարդոց, որոնք մեզի կը դիմեն իրենց հոգեկան վէրքերուն դարմանումին համար, բայց անոնք, հոգեկան խանգարումի հետեւանքով իրենց ցաւը պատմելու կարողութիւն իսկ չունին։ Հոգեկան վէրքերու դարմանումին համար պայման է որ նախ ապահովուի անոնց անվտանգութիւնը, անոնք պէտք է համոզուին որ այլեւս վախնալու բան չունին։ Ասոր համար ալ պայման է որ անցեալի հետ առերեսուի, անցեալի հետ հաշիւ մաքրուի։ Այսպէս՝ որքան ատեն որ կարելի պիտի չըլլայ հարիւր տարի առաջ պատահածներուն հետ առերեսուիլ, այս երկրին մարդիկը պիտի չկարենան ապրիլ մէկզմէկու հանդէպ յարգանքի ու սիրոյ զգացումի մէջ։ Որպէս երկիր՝ մենք կ՚ոգեկոչենք մեր կորուստները» գրուած Թուրքիոյ Հոգեբոյժներու Միութեան հաղորդագրութեան մէջ։

Կարգ մը թրքական ազգայնամոլ կազմակերպութիւններ քննադատեցին եւ դատապարտեցին Հոգեբոյժներու Միութեան յայտարարութիւնը: 


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.