ՀՀ Սփիւռքի նախարարի առաջնորդութեամբ 10 հազար հայորդիներ մասնակցեցան Մոնթրէալի քայլարշաւին


(Լուսանկարները՝ «Հորիզոն»ի լուսանկարիչ Մայք Թաշճեանի

«Հորիզոն».- Գանատայի տարածքին Հայկական Ցեղասպանութեան 100-ամեակի ոգեկոչման նախաձեռնութիւններու ծիրէն ներս, Մայիս 3-ին Մոնթրէալի քաղաքակեդրոնին մէջ կայացած բազմահազարանոց քայլարշաւը դարձաւ շրջանի օտար լրատուամիջոցներու ուշադրութեան առարկան։

 Ցեղասպանութիւններու կանխարգիլման համար կազմակերպուած քայլարշաւին մասնակից 10 հազար հայորդիներուն առաջնորդն էր ՀՀ Սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան, որ Գանատա ժամանած էր յատկապէս մասնակցելու վերոնշեալ աննախընթաց քայլարշաւին։

Աբգար եպս. Յովակիմեանի եւ Մեղրիկ եպս. Բարիքեանի կողքին էին տեղւոյն քրիստոնեայ եկեղեցիներու ներկայացուցիչներ, ինչպէս նաեւ Մոնթրէալի իսլամ շիա համայնքի հոգեւոր առաջնորդ շէյխ Նապիլ Ապպաս։

 

 

 

Փողերախումբին եւ հայ սկաուտներու տողանցող շարքերուն կը հետեւէին Մոնթրէալի քաղաքապետ Տէնի Քոտէր, Լաւալի քաղաքապետ Մարք Տեմերս, նախարար Հրանոյշ Յակոբեան, Դեսպան Արմէն Եգանեան, Ազատական կուսակցութեան ղեկավար Ճասթին Թրուտօ, Պլոք Քեպէգուա կուսակցութեան նախկին ղեկավար Ժիլ Տիւսէփ, Ազատական կուսակցութեան նախկին ղեկավար Սթեֆան Տիոն, Քեպէգի նահանգային խորհրդարանի ներկայացուցիչներ, Քեպէգ նահանգի խորհրդարանի անդամներ, Մոնթրէալի եւ Լաւալի քաղաքապետական խորհուրդներու անդամներ։ Ցեղասպանութեան ենթարկուած ժողովուրդներու շարքին իրենց պատուիրակութիւններով Մոնթրէալի եւ Լաւալի պահանջատէր հայութեան զօրակցելու ժամանած էին ասորի, հրեայ, քիւրտ, պոնտացի յոյն, ռուանտացի, քամպոտիացի եւ ուքրանացի համայնքները։

 Խաղաղ երթը անցաւ քաղաքակեդրոնի մայր պողոտայ Սէյնթ Գաթրինզէն, ուր տողանցողներու շարանը երկարեցաւ պողոտայի 3 քիլոմեթր երկայնքով։

 2 ժամուան վրայ երկարող քայլարշաւը իր աւարտին հասաւ երեկոյեան ժամը 6-ին, որմէ ետք Place Des Arts համերգասրահին մէջ տեղի ունեցաւ Հայոց Ցեղասպանութեան 100-ամեակի Գանատայի Միացեալ Մարմնի կազմակերպած ոգեկոչման հանդիսութիւնը, որուն ներկայ գտնուեցաւ Գանատայի վարչապետի ներկայացուցիչ՝ ներգաղթի եւ քաղաքացիութեան նախարար Քրիս Ալեքսանտրը։ Օրուան հանդիսավարն էր լրագրող Ֆրանսուա Պուկինկօ։ Հաւաքի առաջին պատգամաբեր՝ Հայոց եղասպանութեան 100-ամեակի Գանատայի Միացեալ Մարմնի նախագահ Մհեր Գարագաշեան իր խօսքին մէջ վերահաստատեց հայութեան վերապրելու եւ իր արդար իրաւունքներուն վերատիրանալու կամքը։ Հիւր պատգամախօսներն էին ամերիկահայ դերասան Էրիք Պողօսեան եւ Ֆրանսայի խորհրդարանի անդամ Վալերի Պոյէր, որոնք իրենց խօսքերուն մէջ շեշտեցին, թէ թրքական իշխանութիւններու ուրացման քաղաքականութիւնը՝ ինքնին ցեղասպանութեան շարունակութիւն է։ Քեպէգ Նահանգի վարչապետ Ֆիլիփ Քույարի նեկայացուցիչ Քեպէգ նահանգի ներգաղթի նախարար Քէթլին Ուէյլ ներկաներուն յիշեցուց, թէ Քեպէգ հանդիսացած է Գանատայի մէջ առաջին նահանգներէն,  որ ճանչցած է Հայոց Ցեղասպանութիւնը։

 

 

 Գանատայի վարչապետ Սթիվըն Հարփըրի ողջոյնները փոխանցեց Գանատայի ներգաղթի եւ քաղաքացիութեան նախարար Քրիս Ալեքսանտր, որ իր ուղերձին մէջ յայտնեց, թէ 2006-ին վարչապետ Հարփըրի Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման յայտարարութիւնը ի զօրու պիտի մնայ Գանատայի պետական քաղաքականութեան մէջ։ Ան նաեւ Հայաստանի մէջ 100-ամեակի պաշտօնական հանդիսութեանց ընթացքին իբրեւ մասնակից եւ գանատայի պատուիրակութիւնը գլխաւորող պետական ներկայացուցիչ, իր տպաւորութիւնները փոխանցեց հաստատելով, որ այդ հանդիսութիւնը աշխարհի պատմութեան տոմարներուն մէջ պիտի արձանագրուի։

 Հայաստանի Հանրապետութեան Սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան եզրափակեց հանդիսութիւնը, հաստատելով, որ Մոնթրէալի պատմական քայլարշաւի մասնակից բազմահազար հայորդիներու մասնակցութիւնը  էապէս կը խորհրդանշէ հայութեան փիւնիկեան վերյառնումը, վերապրելու աննկուն կամքը եւ Հայաստան-Սփիւռք-Արցախ անքակտելի միասնութիւնը։

Գեղարուեստական բաժնով հանդէս եկան երգիչներ Էլի Պէրպթրեան, Ալին Գութան, Սաշա Ճիհանեան, Արարատ եռեակ, «Անի» եւ «Գառնի» պարախումբեր, Ալեմշահշ Քնար եւ ՀԲԸՄ-ի միացեալ երգչախումբերը ղեկավարութեամբ Լոռի Անթունեանի։

 

 


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.