Պելճիքայի Խորհրդարանին Ներկայացուած Է Ցեղասպանութեան Ժխտումը Քրէականացող Նախագիծ


ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».- Պելճիքայի դաշնակցային խորհրդարանի Ժողովրդավար դաշնակցային ֆրանսախօսներ խմբակցութիւնը Հայոց Ցեղասպանութեան ժխտման համար պատիժ նախատեսող օրինագիծի նախագիծ ներկայացուցած է:
Պեճիքական «La Libre» թերթը նշած է, թէ ներկայացուածը կ՛առնչուի 1995ին վաւերացուած ցեղասպանութիւններու հերքումը քրէականացնող օրէնքի ընդարձակման, որուն շնորհիւ օրէնքը պիտի տարածուի նաեւ հայերու եւ Ռուանտացիներու նկատմամբ իրականացուած, ինչպէս նաեւ դատական կարգով միջազգայնօրէն ճանչցուած այլ ցեղասպանութիւններու վրայ:
Նշենք, որ Պելճիքայի Ծերակոյտը 1998ին ճանչցած է Հայոց Ցեղասպանութիւնը եւ կոչ ըրած է Թուրքիոյ՝ ընդունելու իր անցեալը։

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.