Սասունցի հայը կը ցանկայ ամուսնանալ հայ աղջկայ հետ
1132
0
Թուրքիոյ Պաթման նահանգի Սասուն գաւառի Չալըշար գիւղին մէջ կ’ապրի 2 հայ ընտանիք: Ընտանիքներէն մէկուն անդամ 38-ամեայ Ճեմիլ Քափլանը, որ տակաւին ամուրի է, «batmancagdas» տեղական կայքին տուած հարցազրոյցին մէջ ըսած է, որ կը փափաքի ընտանիք կազմել, կը գրէ ermenihaber.am-ը:
«Կը փափաքիմ ամուսնանալ հայ աղջկայ մը հետ, որ կ’ուզէ ապրիլ Մարութայ սարի փեշերուն տակ ծուարած մեր գիւղին մէջ,- ըսած է սասունցի հայ գիւղացին:
Քափլան, որ ծնած եւ մեծցած է Մարութայ սարի ստորոտը գտնուող Չալըշար գիւղին մէջ, աւելցուցած է. «Մեր ազգականներէն շատերը Երեւան կամ Սթամպուլ մեկնեցան: Ես եւ հօրեղբօրս որդին` Արիֆ Քափլանը, գիւղին մէջ մնացած միակ հայերն ենք: Տարիքս կը մեծնայ: Ամուսնանալու համար հայ աղջիկ կը փնտռեմ»: