Թուրքիա Ներկայ Դրութեամբ Եօթը Երկիրներու Մէջ Դեսպան Չունի


ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Թուրքիա ներկայ դրութեամբ եօթը երկիրներու մէջ դեսպան չունի, տարբեր պատճառներով դեսպանները ետ կանչելու որպէս հետեւանք։ «Հիւրրիյէ»չ կը գրէ, որ կարգը հասած է Մոսկուայի ու Պերլինի։
Վերջին երկիրը, ուրկէ Թուրքիա ետ կանչած է իր դեսպանը, Աւստրիան է, իսկ պատճառը՝ այդ երկրի խորհրդարանին կողմէ Ցեղասպանութեան ճանաչումն ու դատապարտումն էր։
Վերջին երեք տարիներուն ընթացքին Թուրքիա իր դեսպանները ետ կանչած է Եգիպտոսէն, Սուրիայէն, Իսրայէլէն, Լիպիայէն, Եմէնէն, Վատիկանէն ու Աւստրիայէն։ Մինչեւ հիմա Թուրքիա այդ երկիրներուն մէջ նոր դեսպաններ չունի։
2012-2014 տարիներուն, Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման պատճառով, Թուրքիա իր դեսպանները ետ կանչած է 12 երկիրներէ։ Հակառակ Անգարայի այդ քայլերուն, կարճ ժամանակ ետք, Թուրքիա վերադարձուցած կամ նոր դեսպաններ նշանակած է յիշեալ 12 երկիրներուն մէջ։


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.