Մարտինի Եկեղեցւոյ Մէջ Աղօթք՝ Ցեղասպանութեան Զոհերու Յիշատակին


ՊՈԼԻՍ.- Ներկայ Թուրքիոյ հարաւարեւելեան Մարտին նահանգի Տերիք շրջանի հայկական Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ մէջ, Ապրիլ 24ին յարգած են Հայոց Ցեղասպանութեան սուրբ նահատակներուն յիշատակը:
Քրտական «Տիճլէհապեր» կայքին համաձայն՝ Տերիքի Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ մէջ տեղւոյն 2 հայ ընտանիքներուն մասնակցութեամբ տեղի ունեցած է Հայոց Ցեղասպանութեան սուրբ նահատակներու յիշատակման արարողութիւն, որուն ընթացքին ներկաները աղօթած ու մոմ վառած են:
Տերիքի հայ բնակիչներէն Զեքերիա Սապունճու պատմած է, որ 13 տարեկանին Ցեղասպանութենէն ձեւով մը փրկուած մեծ մայրը պատմած է, թէ ինչ դաժանութեամբ իրականացած են հայերու կոտորածները: Ան պատմած է, որ Տերիքի հայերը Թուրճել լեռ տարած եւ այնտեղէն վար նետած են:


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.