Գանատահայերու պատուիրակութիւնը մասնակցեցաւ թիւ 587 բանաձեւի խորհրդարանի քննարկման նիստին
1394
0
Ապրիլ 24-ին, Գանատայի խորհրդարանը քննարկեց եւ միաձայնութեամբ վաւերացուց թիւ 587 բանաձեւը, որ կը նախատեսէ այլ ցեղասպանութիւններու յիշատակման շարքին, Ապրիլ 24-ը հռչակել Հայոց Ցեղասպանութեան յիշատակման օր Գանատայի մէջ։
Նշենք, որ թիւ 587 բանաձեւի խորհրդարանի քննարկման նիստին իբրեւ հիւր-ունկնդիր մասնակցեցան Հայկական Ցեղասպանութեան 100-ամեակի Գանատայի Միացեալ մարմնի եւ Գանատայի Հայ Դատի յանձնախումբի պատուիրակութիւնները։