Թուրքիա առանձին յայտարարութիւններով դատապարտած է Օպաման, Հոլանտը, Փութինը, Կաուքը


Թուրքիա, իւրաքանչիւրին յղուած առանձին յայտարարութեամբ մը դատապարտած է Ֆրանսայի, ԱՄՆ-ու, Ռուսաստանի, Գերմանիոյ նախագահները՝ Հայոց Ցեղասպանութեան վերաբերեալ իրենց յայտարարութիւններուն պատճառով։

Անդրադառնալով Պարաք Օպամայի ուղերձին՝ Թուրքիա կը պնդէ, որ ան որեւէ կապ չունի փաստերու հետ, եւ որ Ա. Աշխարհամարտի ընթացքին տեղի ունեցածը նոյնքան զգայուն խնդիր է Թուրքերուն, որքան՝ Հայերուն համար։

ԱՄՆ-ու նախագահը այս տարի եւս իր ապրիլքսանչորսեան ուղերձին մէջ խուսափած էր «ցեղասպանութիւն» եզրը գործածելէ, զայն փոխարինելով «մեծ եղեռն» ձեւակերպումով։ Օպամա նաեւ ողջունած էր Փրանկիսկոս պապին յայտարարութիւնը։

«Մենք կը մերժենք արդարութեան այս ընտրովի եւ կողմնակալ ընկալումը», յայտարարած է Անգարա։

«Նախագահ Էրտողանի 2014 Ապրիլ 23-ի ցաւակցական ուղերձը (վարչապետութեան ժամանակ) եւ վարչապետ Ահմէթ Տաւութօղլուի երկու յայտարարութիւնները Յունուար 20-ին եւ Ապրիլ 20-ին մանրամասնօրէն կ՚արտացոլեն Թուրքիոյ դիրքորոշումը այս հարցին մէջ։ Այդ յայտարարութիւնները անկեղծ կոչ են առանց ժխտումի, բաժնելու անցեալի տարապանքները՝ ճշգրիտ բնորոշումներով եւ վերաբերումով» ըսուած է Թուրքիոյ Արտաքին գործոց նախարարութեան հաղորդագրութեան մէջ։

Թուրքիա զայրացած է նաեւ Ֆրանսայի նախագահ Հոլանտի Երեւան այցէն եւ անոր յայտարարութիւններէն։
«Ֆրանսուա Հոլանտ մասնակցեցաւ Երեւանի մէջ Ապրիլ 24-ի ձեռնարկին, որ փոխանակ անցեալի կորուստներու ոգեկոչման արարողութիւն դառնալու , վերածուեցաւ Թուրքիոյ ինքնութիւնը, պատմութիւնը եւ հանրութիւնը զրպարտող առիթի մը։ Ցաւալի է, որ ան անգամ մը եւս վերահաստատեց իր աջակցութիւնը հայկական ազգայնական մեկնաբանութեան» կը յայտարարէ Թուրքիա կտրուկ կերպով մերժելով եւ դատապարտելով «Ֆրանսայի անարդար եւ կողմնակալ վերաբերումը»։

Թուրքիա կը նշէ նաեւ որ Հոլանտէն կ՚ակնկալէին, որ երեւանեան ոգեկոչումներու ընթացքին գոնէ ընդունէր, որ Օսմանեան կայսրութեան քաղաքացիները, անկախ իրենց ազգութենէն եւ կրօնական պատկանելութենէն, կայսրութեան փլուզման ընթացքին ողբերգական տառապանքներ կռած են։ «Ֆրանսան, դժբախտաբար, նախընտրեց շարունակել իր խտրական մօտեցումը» կ՚ըսէ Անգարա։Թուրքիոյ Արտաքին գործոց նախարարութիւնը նաեւ դատապարտած է Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի եւ Գերմանիոյ նախագահ Եռախիմ Կաուքի յայտարարութիւնները։

Միաժամանակ, հակառակ այս խիստ քննադատութիւններուն, Թուրքիա ետ չէ կանչած իր դեսպանները Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչած Ռուսաստանէն, Գերմանիայէն, Ֆրանսայէն, ինչպէս ըրած էր Վատիկանի եւ Աւստրիոյ պարագաներուն։  


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.