Փարիզի մէջ հազարաւոր հայեր տողանցեցին, Թուրքիայէն պահանջելով ճանաչում եւ հատուցում


Վարչապետ Վալս ծաղկեպսակ զետեղեց Կոմիտասին արձանին առջեւ 

«Նոր Յառաջ».- Ապրիլ 24-ին, փարիզեան յայտագիրը, ինչպէս միշտ, Սուրբ Յովհաննէս-Մկրտիչ մայր տաճարին մէջ ժամը 15-ին տեղի ունեցած յատուկ արարողութեամբ։ Ֆրանսայի թեմի առաջնորդը՝ Վահան Եպիսկ. Յովհաննէսեան Հրաշափառով մուտք գործեց տաճար, որ կանուխէն լեցուած էր 100-րդ տարելիցի այս պատարագին ներկայ ըլլալու ցանկութիւն ունեցող հաւատացեալներով։ Ներկայ էին նաեւ քոյր եկեղեցիներու առաջնորդներ, պաշտօնական անձնաւորութիւններ եւ ՀՀ դեսպանը։

Աննախադէպ ցոյցը

Ապա, ժամը 18.30-ին Հայութիւնը սկսաւ համախմբուիլ Գանատայի հրապարակին վրայ գտնուող Կոմիտասի արձանին շուրջ։ Ամբոխը վայրկեան առ վայկեան կը ստուարանար հասնելու համար աննախադէպ թիւի մը. ամէն կողմ սեփ-սեւ էր Հարիւրամեակին առթիւ իրենց յարգանքի տուրքը մատուցանելու, «Կը յիշենք եւ կը պահանջենք» ըսելու եկած հայորդիներով։

Հոն ժամանեց նաեւ Ֆրանսայի Վարչապետ Մանուէլ Վալս, որ Կոմիտասի արձանին առջեւ ծաղկեպսակ զետեղելէ ետք իր ունեցած ելոյթին ըսաւ։ «Առաջին պատասխանատւութիւնը՝ առերեսիլն է այս ոճիրին հետ։ Այո՛ ցեղասպանութիւն էր»։ Վարչապետը ինք իսկ պատմական որակելով պահը, համախմբուած 15-էն 20 հազար Հայերուն, որոնք կը պարզէին հայկական եւ ֆրանսական Եռագոյնները, ինչպէս նաեւ «Յիշողութիւն, արդարութիւն եւ հատուցում» արձանագրութիւնը կրող ցուցանակներ, ըսաւ թէ՝ Ֆրանսան միշտ կողքին է զոհերուն։

Մ. Վալս իր խօսքին մէջ անդրադարձաւ նաեւ Միջին Արեւելքի քրիստոնեաներուն։ «Այսօր, նաեւ՝ Միջին Արեւելքի քրիստոնեաները զոհեր են», նշեց ան, կոչ ընելով նաեւ ծայր աստիճան զգօն գտնուելու ինչ կը վերաբերի Սուրիահայութեան իրավիճակին։ «Անգամ մը եւս Հայերը կը հալածուին, պարզապէս որովհետեւ Հայ են։ Յանցանք պիտի ըլլար աչք փակել անոնց կացութեան» ըսաւ Ֆրանսայի կառավարութեան պետը։

Ներկայ էին նաեւ Փարիզի քաղաքապետուհին՝ Անն Հիտալկօ, որ նոյնպէս խօսք առաւ, ինչպէս նաեւ՝ CCAF-ի համանախագահները՝ Արա Թորանեան եւ Մուրատ Փափազեան։

Ելոյթներէն ետք, բազմութիւնը որու թիւը իսկապէս դժուար է գնահատել (15-էն մինչեւ 40 հազար՝ ըստ ոմանց) շարքերուն գլուխը ունենալով՝ ՀՄԸՄ-ի սկաուտները, շարժցաւ դէպի Անգարա հրապարակ՝ թրքական դեսպանատուն։ Ծածանող հայկական անհամար Եռագոյնները գրեթէ կը ծածկէին երթին մասնակիցները, որոնք կը վանկարկէին ճանաչման, արդարութեան եւ հատուցման պահանջատիրական լոզունգներ։ Ոստիկանութիւնը ապահովութեան լայն միջոցներու դիմած էր, ցուցարարներուն համար՝ երթեւեկը փակած էր երթի ուղեգիծին վրայ գտնուող Սէնի մայրուղիին երկու ուղղութիւններուն ալ։

Նոյն իրիկունը, Էյֆէլեան աշտարակին լոյսերը բացառիկ կերպով մարեցան, ի նշան զօրակցութեան՝ Հարիւրամեակի այս ոգեկոչմումին։Կիրակի, Ապրիլ 26-ին ալ, Փարիզի Նոթր-Տամ մայր տաճարին մէջ կը մատուցանուէր Հարիւրամեակի ոգեկոչման յատուկ պատարագ, ձեռամբ՝ Ֆրանսայի Հայ Կաթողիկէներու Առաջնորդ Յովհաննէս Եպիստ. Թէյրուզեանի եւ ներկայութեամբ՝ Փարիզի Արքեպիսկոպոս Կարդինալ Անտրէ Վէնթթրուայի։


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.