Թրքական հակացոյցը Օթթաուայի մէջ


Օթթաուայի ոստիկանութիւնը, այս տարի եւս թրքական համայնքի ներկայացուցիչներուն արտօնագիր տուած էր, որպէսզի անոնք Գանատայի Խորհրդարանին դիմաց Ապրիլ 24-ի իրենց հաւաքը կատարեն գրեթէ միեւնոյն պահուն, երբ գանատահայերը կը կատարեն Մեծ Եղեռնի ոգեկոչման ամենամեայ աւանդական արարողութիւնը: Հայ եւ թուրք համայնքները իրարմէ բաժնուած էին յատուկ անցարգել մետաղեայ պատնէշներով:

 Խորհրդարանի դիմաց հաւաքի աւարտէն ետք 10 000 հայորդիներ ուղղուեցան դէպի թրքական դեսպանատուն, ուր 500 թուրք ցուցարարները, հակահայ պաստառներով կանգնած էին: Ոստիկաններո ստուար թիւ մը եւ անցարգել պատնէշներ կը բաժնէին ցուցարար երկու կողմերը: Դեսպանատան շուրջ հաւաքուած թուրք ցուցարարները ձայնագործիքով սփռեցին Ֆրետերիք Շոփէնի յուղարկաւորութեան մահերգը (Piano Sonata no. 2): Հակառակ թրքական կողմի գրգռիչ փորձերուն, հայկական կողմը շարունակեց դեսպանատան դիմաց ոգեկոչման արարողութիւնը, որու ընթացքին արդէն տեղեկացուեցաւ, թէ Գանատայի խորհրդարանը միաձայնութեամբ վաւերացուցած է թիւ 587 բանաձեւը։

 

 

 

 


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.