Եւրոխորհրդարանի Թրքական Պատուիրակութեան Մէկ Մասը Յարգած Է Ցեղասպանութեանց Զոհերու Յիշատակը


ԵՐԵՒԱՆ, ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա», «Էրմենիհապեր».- Ապրիլ 21ին, Եւրոխորհրդարանին մէջ բոլոր անդամ երկիրներու պատուիրակութիւնները, բացի թրքական պատուիրակութեան մէկ մասէն, յոտնկայս, մէկ վայրկեան լռութեամբ յարգեցին Հայոց Ցեղասպանութեան եւ բոլոր ցեղասպանութիւններու զոհերու յիշատակը։
Այդ մասին առաջարկը ներկայացուց Հայաստանի պատուիրակութեան անդամ Լեւոն Զուրապեան։ Հայկական պատուիրակութեան անդամները ոտքի ելան, իսկ Եւրոխորհրդարանի նախագահը առաջարկեց ընդունիլ Զուրապեանի կոչը եւ մէկ վայրկեան լռութեամբ յարգել բոլոր ցեղասպանութիւններու զոհերու յիշատակը։ Ամբողջ խորհրդարանը ոտքի ելաւ, նոյնիսկ Ատրպէյճանի պատուիրակները, իսկ թրքական պատուիրակութեան մեծ մասը նստած մնաց։ Միայն ընդդիմադիր Ժողովրդային հանրապետական կուսակցութեան եւ քրտամէտ Ժողովուրդներու ժողովրդավարութիւն կուսակցութենէն մէկական պատգամաւոր ոտքի ելան, որոնք քննադատութեան թիրախ դարձան կարգ մը թրքական լրատուամիջոցներու:


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.