Օպամա Ցեղասպանութիւնը Պիտի Չճանչնայ. Սպիտակ Տուն


ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- Ամերիկահայ ղեկավարներու հետ Ապրիլ 21ի յետմիջօրէին կայացած հանդիպումի մը ընթացքին, Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամայի անձնակազմի պետ Տենիս ՄըքՏանա եւ նախագահի ազային ապահովութեան խորհրդականի տեղակալ Պեն Ռոտզ հաստատած են, թէ Օպամա այս տարի եւս որոշած է Հայոց Ցեղասպանութիւնը չճանչնալ Ապրիլ 24ին հրապարակուելիք եւ հարիւրամեակին նուիրուած իր տարեկան յայտարարութեան մէջ։

«Թուրքիոյ անձնատուր ըլլալու նախագահին կեցուածքը ազգային ամօթ մըն է եւ յստակօրէն դաւաճանութիւն մըն է՝ իրականութեան եւ վստահութեան», յայտարարեց Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի ատենապետ Քեն Խաչիկեան, աւելցնելով. «Մինչ աշխարհի ուշադրութիւնը կեդրոնացած է Հայոց Ցեղասպանութեան հարիւրամեակին ոգեկոչման ձեռնարկներուն վրայ, նախագահ Օպամա ցաւալիօրէն մեր երկրի բարոյական դիրքը պիտի օգտագործէ ոչ թէ ճշմարտութիւնը պաշտպանելու, այլ պարտադրելու օտար երկիրի մը գրաքննութեան հրահանգը։ Ան գործնականին մէջ Ռեչեփ Էրտողանին յանձնած է Հայոց Ցեղասպանութեան վերաբերեալ Միացեալ Նահանգներու քաղաքականութիւնը»։

«Իբրեւ ամերիկահայեր եւ հակառակ նախագահ Օպամայի յաջորդական անձնատուութեանց, պիտի շարունակենք, մեր դաշնակիցներուն հետ միասին, յաւելեալ կորովով ու կամքով, Հայոց Ցեղասպանութեան արդար լուծումը գտնելու պայքարը», եզրակացուցած է Խաչիկեան։

Նախագահ ընտրուելէ առաջ, Օպամա խոստացած էր ճանչնալ իր կողմէ իսկ «անհերքելի» որակուած Հայոց Ցեղասպանութիւնը։


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.