Տաւութօղլու Եւս Կը Ցաւի Տեղահանութեան Ընթացքին «Օսմանեան Հայերու» Կորուստներուն Համար


ԱՆԳԱՐԱ, «Տէյլի Նիուզ».- Թուրքիոյ վարչապետ Ահմետ Տաւութօղլու Երկուշաբթի, Ապրիլ 20ին հանդէս եկաւ յայտարարութեամբ մը, որ գրեթէ ընդօրինակումն է անցեալ տարի այս օրերուն նախկինին վարչապետին՝ այժմ նախագահ, Ռեճեպ Թայիպ Էրտողանի հրապարակած յայտարարութեան:
Տաւութօղլու յայտարարեց, որ Ապրիլ 24ին ոգեկոչական եկեղեցական արարողութիւն տեղի պիտի ունենայ Թուրքիոյ մէջ, Պոլսոյ պատրիարքութեան կողմէ՝ աղօթելու համար Ա. Աշխարահամարտին ընթացքին սպաննուած հայերու յիշատակին:

Իր գրաւոր յայտարարութեան մէջ, Տաւութօղլու թրքական կառավարութեան եւ թուրք ժողովուրդին կողմէ ցաւակցութիւն յայտնած է «զանգուածային տեղահանութեան ընթացքին իրենց կեանքը կորսնցուցած օսմանեան հայերուն համար:

«Օսմանեան հայերու յիշատակը եւ հայերու մշակութային ժառանգութիւնը պաշտպանելը Թուրքիոյ համար մարդկասիրական եւ պատմական պարտաւորութիւն է: Այս հասկացողութենէն մեկնելով, Օսմանեան հայերը պիտի ոգեկոչուին ինչպէս ամբողջ աշխարհի, նաեւ Թուրքիոյ մէջ՝ եկեղցական արարողութեամբ մը, Հայոց պատրիարքութեան կողմէ», կ՛ըսէ Տաւութօղլուի յայտարարութւնը:


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.