- (0)

Երկուշաբթի, 2 մարտ 2026-ին, Գանատայի Հայոց Թեմի Բարեխնամ Առաջնորդ Գերաշնորհ Տ. Բաբգէն Արքեպիսկոպոս Չարեան ընդունեց Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Բիւրոյի ներկայացուցիչ Արմէն Ռուստամեանը։
Ռուստամեանի կ՚ընկերակցէին ՀՅԴ Գանատայի Կեդրոնական Կոմիտէի անդամներ Յովիկ Թիւֆէնքճեան եւ Նորա Արուշեան։
Հանդիպման ներկայ էին նաեւ Հոգեշնորհ Տ. Յակոբ Վարդապետ Եագուպեան, Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան անդամ Բժիշկ Ժիրայր Պասմաճեան, ինչպէս նաեւ Ազգային Վարչութեան անդամներ Ծովիկ Թերզեան, Յակոբ Պուլկարեան, Թորոս Պապիկեան եւ Զաւէն Չոքաքլեան։
Առաջնորդ Սրբազանը բարի գալուստ մաղթեց Ռուստամեանին, որ Հայաստանէն Գանատա ժամանած էր մասնակցելու Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան հիմնադրութեան 135-ամեակին նուիրուած ձեռնարկներուն։
Իր հերթին Ռուստամեան ողջունեց Առաջնորդ Սրբազան Հայրը եւ Ազգային Վարչութեան անդամները՝ գնահատելով անոնց եկեղեցաշէն եւ ազգանուէր ծառայութիւնը ու մաղթելով շարունակական յաջողութիւններ իրենց գործունէութեան մէջ։
Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան Հայաստանի ներկայ իրավիճակը, Հայ Եկեղեցւոյ դէմ տարուող յարձակողական քաղաքականութիւնը, ինչպէս նաեւ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան կողմէ կատարուած եւ նախատեսուող աշխատանքները։