Նախագահական Հանրապետական Թեկնածու Թետ Քրուզ Հայոց Ցեղասպանութիւնը Ճանչնալու Կոչով Հանդէս Կու Գայ


ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահութեան իր թեկնածութիւնը դրած ծերակուտական Թետ Քրուզ Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակին առիթով յայտարարութեամբ մը հանդէս եկած է, ուր կոչ կ՛ընէ հայերու, ասորիներու եւ քրիստոնիա միւս ժողովուրդներու դէմ իրագործուած սպանդը կոչել Ցեղասպանութիւն:

Ծերակուտակ Քրուզի այս յայտարարութիւնը ընթերցուեցաւ Շաբաթ, 18 Ապրիլին, Թեքսասի նահանգի մայրաքաղաք Օսթընի նահանգապետարանի աստիճաններուն վրայ՝ Հայոց Ցեղասպանութեան Հարիւրամեակի Թեքսասի յանձնախումբի կողմէ կազմակերպած քայլարշաւի ընթացքին, որուն մասնակցեցան հազարաւոր մարդիկ: Նամակը յղուած էր Օսթընի հայկական եկեղեցիի անդամներուն:

«Ծերակուտական Քրուզ ճիշդ հունի վրայ է: Իբրեւ ամերիկացիներ, մենք չենք կրնար լուռ մնալ: Մենք պէտք է ճշմարտութիւնը բարձրաձայնենք: Ծերակուտականի յայտարարութիւնը ուշադրութիւն կը հրաւիրէ ամերիկեան իշխանութիւններու վրայ թրքական ճնշումներու ճամբով Հայոց Ցեղասպանութեան շուրջ լռութեան պատ քաշելու քաղաքականութեան վրայ եւ նախագահ Օպամային առջեւ յստակօրէն կը պարզէ ճշմարիտ ընտրութիւնը՝ մերժել թրքական վեթոն Հայոց Ցեղասպանութեան վերաբերեալ մեր պետութեան քաղաքականութեան վրայ», յայտարարեց Ամերիկայի հայ Դատի յանձնախումբի գործադիր տնօրէն Արամ Համբարեան:


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.