Օպամա Պիտի Խուսափի «Ցեղասպանութիւն» Եզրէն. Սպիտակ Տուն


ԵՐԵՒԱՆ, «Թերթ».- Սպիտակ տունը ակնարկած է, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամա այս տարի եւս պիտի չօգտագործէ »ցեղասպանութիւն« բառը, Օսմանեան կայսրութեան մէջ 1.5 միլիոն հայերու սպանութիւնը նկարագրելու համար՝ շարունակելով խախտել իր խոստումը, գրած է «Ուոլ Սթրիթ Ճըրնըլ» թերթը՝ յիշեցնելով, որ նախընտրական քարոզարշաւի ժամանակ Օպաման խոստացած էր, նախագահ դառնալու պարագային, ճանչնալ Հայոց Ցեղասպանութիւնը:

Սպիտակ տունը այս տարի եւս »ցեղասպանութիւն« եզրի օգտագործման կապակցութեամբ ճնշումներու կ՛ենթարկուի, բայց Սպիտակ տան խօսնակը յայտարարած է, որ »ցեղասպանութիւն« եզրէն խուսափելու քաղաքականութեան մէջ փոփոխութիւն չկայ։

«Նախագահը եւ վարչակազմի միւս բարձրաստիճան պաշտօնատարները բազմիցս որպէս պատմական փաստ ճանչցած են այն, որ 1.5 միլիոն հայ սպաննուած է կամ մահուան երթի ուղարկուած է Օսմանեան կայսրութեան վերջին օրերուն», ըսած է Սպիտակ տան մամլոյ քարտուղար Ճաշ Ըրնեսթ, աւելցնելով. «Մենք ընդգծած ենք նաեւ, որ կը սգանք այդ մահերուն համար եւ կը կրկնենք, որ փաստերու ամբողջական, անկեղծ եւ արդարացի ճանաչումը կը բխի բոլորին, ներառեալ՝ Թուրքիոյի, Հայաստանի եւ Միացեալ Նահանգներու շահերէն», գրեթէ բառացիօրէն կրկնելով Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մերի Հարֆի կողմէ քանի մը օր առաջ կատարած յայտարարութիւնը։


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.