100-ամեակի Երեւանի ոգեկոչման հանդիսութեան մասնացկող Գանատայի պատուիրակութեան անդամներուն անունները յստակացան


«Հորիզոն».- Գանատայի մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանատան կողմէ ստացուած տեղեկութեանց համաձայն, Ապրիլ 24-ին, Երեւանի մէջ կայանալիք Հայոց Ցեղասպանութեան 100-ամեակի պաշտօնական հանդիսութեան ընթացքին Գանատան պիտի մասնակցի յատուկ պատուիրակութեամբ, որուն մաս պիտի կազմեն Ներգաղթի նախարար Քրիս Ալեքսանտր, խորհրդարանի անդամ եւ Գանատա-Հայաստան խորհրդարանական բարեկամութեան խմբակցութեան նախագահ Հարոլտ Ալպրէխթ եւ Հայաստանի մօտ Գամատայի հեռակայ դեսպան Ճան Քըր։

Միւս կողմէ, Գանատայի Հայ Դատի յանձնախումբի Օթթաուայի գրասենեակը «Հորիզոն»ի խմբագրութեան հաղորդեց, որ Գանատայի Արեւմտեան շրջանի Հայ Դատի յանձնախումբի նախաձեռնութեամբ, Ապրիլ 24-ի Երեւանի պաշտօնական ոգեկոչման հանդիսութեան ներկայ պիտի գտնուի Վանգուվըրի Քինկզուէյ ընտրատարածքի երեսփոխան Տոն Տէյվիս։

Նկարին մէջ, վերի շարք, ձախէն աջ՝ նախարար ՔրիսԱլեքսանտր, Հարոլտ Ալպրէխթ, Տոն Տէյվիս եւ դեսպան Ճան Քըր


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.