Հայկական 800-ամեայ խաչքար տեղադրուեցաւ ՄԱԿ-ի Նիւ Եորքի նստավայրին մէջ


Ապրիլի 16-ին, Հայ եւ օտար դիւանագէտներու եւ Հայ առաքելական Եկեղեցւոյ Առաջնորդ Սրբազաններ Խաժակ Արք. Պարսամեանի եւ Օշական Արք. Չոլոյեանի մասնակցութեամբ, ՄԱԿ-ի Նիւ Եորքի կեդրոնատեղիին մէջ տեղի ունեցաւ 800-ամեայ սրբատաշ հայկական խաչքարի զետեղման արարողութիւն: Պաշտօնական հանդիսութեան ընթացքին խօսք առաւ Մոացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան մօտ ՀՀ Դեսպան Զօհրապ Մնացականեանը։


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.