Հայկական եւ թրքական կազմակերպութիւններ կը Պահանջեն Ճանաչում եւ հատուցում


Կը Պահանջենք Ճանաչում, Ներումի Հայցում, Փոխհատուցում եւ Իրաւունքներու Վերականգնում

Հայկական եւ թրքական 6 հասարակական եւ մարդկային իրաւանաց կազմակերպութիւններ վերջին օրերուն հետեւեալ հաղորդագրութիւնը շրջանառութեան մէջ դրին համցանցի վրայ:

100 տարի առաջ անհերքելի, մեծ ոճիր մը գործուեցաւ այս հողերուն վրայ. ոճիր մը, որ պիտի մնայ անշրջելի, անդարմանելի եւ աններելի։ 1915-ի ցեղասպանութեան ընթացքին հայեր եւ փոքր Ասիոյ այլ քրիստոնեայ ժողովուրդներ, որոնց շարքին ասորիներ եւ յոյներ, թիրախ դարձան բնաջնջումի հետեւողական քաղաքականութեան եւ իրենց տնտեսութեան, արուեստի, արհեստի եւ պատմական ու մշակութային կոթողներուն հետ քանդուեցան։

Մեր «100-րդ Տարելից-Վե՛րջ ժխտման» նախաձեռնութիւնը հաստատուեցաւ 24 Ապրիլ 2015-ին Պոլսոյ եւ Տիարպեքիրի մէջ նշելու համար ցեղասպանութիւնը։ Նախաձեռնութեան կը մասնակցին «Անատոլուական մշակոյթներ եւ հետազօտութիւն ընկերակցութիւն«ը (Աքա-Տեր), «Մարդկային իրաւանց ընկերակցութիւն – Ցեղապաշտութեան եւ խտրականութեան դէմ կոմիտէն», «Նոր Զարթօնք»ը, «Պատմութեան առերեսուելու բեմահարթակ»ը, «Ասորական Թուրապտին բեմահարթակ»ը, ինչպէս նաեւ «Յանուն ընկերային, քաղաքական եւ տնտեսական հետազօտութեան Զան հիմնարկ»ը։ Մեր նախաձեռնութիւնը նաեւ կը վայելէ աջակցութիւնը Լոնտոնի Կոմիտաս հիմնարկին, Եւրոպայի հայկական խորհուրդին, եւ Վան համախմբումի (Փարիզ), որոնց ներկայացուցիչները պիտի միանան մեզի։

«100-րդ Տարելից Ժխտման Վե՛րջ» ոգեկոչման գաղափարին հիմքը ամօթն ու պատասխանատուութիւնն են։ Կը հաւատանք, որ այս հողերուն վրայ ցեղասպանութեան ոճիրի որեւէ ոգեկոչում պէտք է արտայայտէ ինքնին ցեղասպանութեան ժխտման պատասխանատուութիւնը եւ ամօթը, որ կը զգան ժառանգորդները մարդոց, որոնք առիթը ունին աճելու, զարգանալու եւ հարստանալու՝ ցեղասպանութեան զոհ դարձած մարդոց բացակայութեան։

24 Ապրիլ 2015-ի ոգեկոչման մեր ձեռնարկներուն մեր պահանջներն են ճանաչումը, ներողութեան հայցումը, փոխհատուցումը եւ իրաւունքներու վերականգնումը։ 

Ոգեկոչման մեր ձեռնարկները կը սկսին 24 Ապրիլ 2015-ի ժամը 11։00-ին՝ Սուլթանահմեթ հրապարակին վրայ գտնուող Թրքական եւ իսլամական արուեստներու թանգարանին առջեւ, ուր մէկ վայրկեան լռութեամբ պիտի յարգենք զոհերուն յիշատակը։ Այս շէնքը 1915-ին կեդրոնական բանտն էր։ Պոլսոյ հայ համայնքէն անհատներ, ներառեալ մտաւորականներ, իրենց տան մէջ ձերբակալուելով այստեղ արգելափակուեցան եւ ապա ուղարկուեցան Հայտարփաշա երկաթուղագիծի կայարան, որմէ ետք դէպի… մահ: 

Մէկ վայրկեան լռութենէն ետք՝ պիտի սկսինք մեր «Ցեղասպանութեան քայլարշաւ»-ին, լուռ քալելով Սուլթանահմեթէն Էմինէօնու, եւ ապա ծովու ճամբով անցնելով Հայտարփաշա։ 24 Ապրիլ 1915-ի ձերբակալուածները Հայտարփաշայէն պիտի երթանք Շիշլիի հայկական գերեզմանատուն յարգելու համար յիշատակը Սեւակ Շահին Պալըքչըին, որ 24 Ապրիլ 2011-ին Պաթմանի մէջ պարտադիր զինուորական ծառայութեան ընթացքին ազգային ատելութեան հիմամբ կատարուած ոճիրի զոհ գնաց, եւ մեր աջակցութիւնը յայտնենք Պալըքչը ընտանիքի արդարութեան հետապնդման։

«100-րդ Տարելից-Ժխտման Վե՛րջ» նախաձեռնութենէն առաջ եւ ետք, նախաձեռնութեան մաս կազմողները պիտի մասնակցին երկու այլ ձեռնարկներու։ Եւրոպայի հայկական խորհուրդի ներկայացուցիչները, որոնք Մարդկային իրաւանց ընկերակցութիւն-Ցեղապաշտութեան եւ խտրականութեան դէմ յանձնախումբի կողմէ հրաւիրուած են Պոլիս նոյն օրը՝ 24 Ապրիլի ժամը 10։00-ին, Պէյազըթ հրապարակին վրայ ոգեկոչման ձեռնարկ մը պիտի կատարեն։ «Մարդկային իրաւանց ընկերակցութիւն-Ցեղապաշտութեան եւ խտրականութեան դէմ յանձնախումբ»ի անդամներ պիտի մասնակցին 15 Յունիս 1915-ին մահապատիժի ենթարկուած Հնչակեան կուսակցութեան 20 ղեկավարներու եւ անդամներու յիշատակի ոգեկոչման։ 

«Նոր Զարթօնք»ի կողմէ կազմակերպուած քայլարշաւ մը ժամը 18։30-ին սկիզբ պիտի առնէ Կալաթասարայ Լիսէէն եւ ուղղուի դէպի Թաքսիմի հրապարակ, ուր Իսթիքլալ փողոցի Թաքսիմի կողմը եղող վերջաւորութեան տեղի պիտի ունենայ Հայոց ցեղասպանութեան ոգեկոչման բեմահարթակի ղեկավարութեամբ 100-ամեակի ոգեկոչման ձեռնարկ մը։

Միաժամանակ, Տիարպեքիրի մէջ, «Մարդկային իրաւանց ընկերակցութեան» տեղւոյն մասնաճիւղն ու Կոմիտաս հիմնարկը միասնաբար կը կազմակերպեն հայ եւ ասորի զոհերու յիշատակի ոգեկոչում մը, որ տեղի պիտի ունենայ 24 Ապրիլի ժամը 12։00-ին՝ Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ աւերակներուն մօտ՝ գործակցութեամբ Տիարպեքիրի փաստաբաններու ընկերակցութեան եւ Զան հիմնարկին։

Ցեղասպանութեան ճանաչման համար եւ ժխտողականութեան դէմ պայքարը ոչ 24 Ապրիլ 2015-ին պիտի աւարտի, ոչ ալ՝ 31 Դեկտեմբեր 2015-ին։ Մինչեւ հանրապետական Թուրքիոյ պետութիւնն ու պետական գաղափարախօսութեան հետեւող մեծամասնութիւնը չճանչնան ոճիրը եւ անշրջելի ու անդարմանելի կորուստներուն համար փոխհատուցում չտան՝ մենք պիտի շարունակենք Փոքր Ասիոյ ցեղասպանութեան զոհերուն ու աշխարհսփիւռ եւ ժխտողականութեան պատճառով հարատեւող ցեղասպանութեան պայմաններու տակ ապրող ժառանգորդներուն համար արդարութիւն պահանջել։

100-րդ Տարելից-Ժխտման Վերջ նախաձեռնութիւն

– Anatolian Cultures and Research Association

– Aka-Der 

– Human Rights Association – Committee Against Racism and Discrimination 

– Nor Zartonk 

– Platform for Confronting History 

– Turabdin Assyrians Platform 

– Zan Foundation for Social, Political, and Economic Research


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.