«Կը Խնդրե՜նք, Եթէ Կրնաք, Մեզի Ներեցէ՛ք», Կ՚ըսեն Հայաստան Այցելող Թուրք Քրիստոնեաները


crossnews.am կը գրէ. «Ապրիլ 13-ին աւարտեցաւ թուրք քրիստոնեաներու՝ Հայաստան կատարած այցելութիւնը։

«թուրք աւետարանականները եկած էին ներողութիւն խնդրելու եւ իրենց այցելութեամբ յարգելու ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակը։

«Անոնց այցելութիւնը չէր կրնար կատարեալ ըլլալ առանց Ծիծեռնակաբերդ այցելութեան։

«Անոնք ծաղկեպսակներ զետեղեցին Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յուշարձանին եւ արցունքը աչքերնուն՝ կրկին ու կրկին ներում հայցեցին հայ ժողովուրդէն։

«Անմար կրակի շուրջ հաւաքուած թուրք աւետարանական հոգեւորականները միասին աղօթք բարձրացուցին առ Աստուած՝ հայ եւ թուրք ժողովուրդներու համար։

«crossnews.am-ի թղթակիցի հետ զրոյցին մէջ անոնք իրենց ափսոսանքն ու սրտի խոր ցաւը կը յայտնէին՝ կապուած 100 տարի առաջ կատարուածի ոճրագործութեան հետ ու կ՚ըսէին, որ իրենք աղօթած են, կ՚աղօթեն եւ շարունակաբար պիտի աղօթեն հայ ժողովուրդին համար եւ այն բանին համար, որ այլեւս երբեք այդպիսի ոճրագործութիւն չկրկնուի աշխարհի վրայ։

crossnews.am լրատուութեան մէջ կը յայտնէ, թէ յառաջիկային հարցազրոյցներ պիտի ներկայացնէ  թուրք քրիստոնեաներուն հետ, որոնք իրենց սրտի խօսքը կը փոխանցեն հայ ընթերցողին՝ ըսելով.«Կը խնդրե՜նք, եթէ կրնաք, մեզի եւ մեր պապերու գործած ոճիրը ներեցէք»։ 


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.