Լոյս տեսաւ Մարիամ Յովսեփեանի «Արեւմտահայ մամուլի պատմութիւն(1832-1915)» Ժողովածուն


akunq.net կը հաղորդէ, որ Երեւանի Պետական Համալսարանի հրատարակչութիւնը լոյս ընծայած է բանասիրական գիտութիւններու թեկնածու Մարիամ Յովսեփեանի «Արեւմտահայ մամուլի պատմութիւն (1832-1915)» դասախօսութիւններու ժողովածուն, որ հրատարակուած է Երեւանի Պետական Համալսարանի լրագրողութեան կաճառի գիտական խորհուրդի երաշխաւորութեամբ։ Խմբագիրը Երեւանի Պետական Համալսարանի լրագրութեան կաճառի տնօրէն, բանասիրական գիտութիւններու թեկնածու, ընկալական Նաղաշ Մարտիրոսեանն է։

Հայ մամուլի պատմութեան առանձին բաժին կը կազմէ արեւմտահայ մամուլը։ Այս հարուստ ու բազմազան մամուլի մասին ուսանողներու գիտելիքները առաւել ամբողջական եւ ընդգրկուն դարձնելու նպատակով գրուած են արեւմտահայ մամուլի պատմութեան (1832-1915) մասին դասախօսութիւնները։ Գիրքին մէջ ամփոփ կերպով ներկայացուած են արեւմտահայ պարբերական մամուլի թէ՛ ծանօթ, թէ՛ ալ քիչ ուսումնասիրուած այն օրկանները, որոնք լուրջ դերակատարութիւն ունեցած են մեր ժողովուրդի կեանքին մէջ։

Արեւմտահայ մամուլի պատմութեան (1832-1915) դասախօսութիւնները կը ներկայացնեն արեւմտահայ աւելի քան քսան պարբերականի խմբագիրներուն, աշխատակիցներուն եւ թղթակիցներուն, ատոնց հիմնական բաժիններն ու խորագրերը, որդեգրած ուղղուածութիւնը եւ խաղացած դերը հայ հասարակական-քաղաքական ու մշակութային կեանքին մէջ։

Գիրքին մէջ փորձ կատարուած է ամբողջապէս ուսումնասիրել արեւմտահայ պարբերականները։ Ատոնք 1832-1915 թուականներու վրայ ներկայացուած են պոլսահայ, զմիւռնահայ եւ գաւառահայ բաժիններու ներքոյ։ Դասախօսութիւններուն կցուած է բաւական հարուստ օժանդակ մասնագիտական գրականութեան եւ մամուլի ցանկ։ Այստեղ ընդգրկուած մատենագիտական գիրքերը, յօդուածները եւ ուսումնասիրութիւնները օգտակար պիտի ըլլան արեւմտահայ մամուլի ուսումնասիրութեամբ զբաղող ուսանողներու եւ գիտաշխատողներու կամ խնդրոյ առարկայ ժամանակշրջանի արեւմտահայ մամուլի դասընթացքը ներկայացնող դասախօսներու համար։


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.