Գերմանիոյ Նախագահն Ու Վարչապետը Պիտի Չմասնակցին Կալիփոլիի 100ամեակի Տօնակատարութիւններուն


ՊԵՐԼԻՆ,- Գերմանիոյ նախագահ Եոահիմ Կաուկ եւ վարչապետ Անկելա Մերքելը պիտի չմասնակցին Թուրքիոյ մէջ Տարտանելի (Չանաքքալէ, Կալիփոլի) ռազմական գործողութիւններու 100ամեակին նուիրուած ձեռնարկներուն:
Թրքական ընդդիմադիր «Zaman» թերթի կայքը կը գրէ, որ նախագահ Գաուկը իր նախապատուութիւնը տուած է հայերուն: Ան Պերլինի մէջ պիտի մասնակցի Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին նուիրուած պատարագին եւ հանդէս պիտի գայ ելոյթով:

«Հետաքիքրական է` արդեօք նախագահը 1915 թուականը բնորոշելու համար պիտի արտաբերէ՞ «ցեղասպանութիւն» բառը», կը տարակուսի «Zaman»-ը` աւելցնելով, որ Կաուկ Գերմանիոյ առաջին նախագահը պիտի ըլլայ, որ մասնակցած է Հայոց Ցեղասպանութեան նուիրուած ձեռնարկի մը:

Կը նշուի նաեւ, որ վարչապետ Անկելա Մերքել զբաղուածութեան պատճառով պիտի չմեկնի Թուրքիա:

Երեւանի Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին նուիրուած ձեռնարկներուն պիտի մասնակցի Գերմանիոյ Եւրոմիութեան հարցերով նախարար Մայքըլ Ռոթը:


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.