Համիլթընի Հայ Դատի յանձնախումբը հանդիպեցաւ Գանատայի խորհրդարանի անդամ Ուէյն Մարստընի հետ


Ապրիլ 15-ին, Գանատայի Համիլթըն քաղաքի Հայ Դատի յանձնախումբի պատուիրակութիւնը հանդիպում ունեցաւ արեւելեան Համիլթընի ընտրատարածքէն Գանատայի խորհրդարանի անդամ եւ ընդդիմադիր Նոր Դեմոկրատ կուսակցութեան անդամ Ուէյն Մարստընի հետ։

Հանդիպման ընթացքին Մարստըն իր զօրակցութիւնը յայտնեց Հայ Դատին եւ յատկապէս M-587 բանաձեւին։

 Նշենք, որ Մարտ 26-ին, Գանատայի խորհրդարանի անդամ, եւ Գանատա-Հայաստան խորհրդարանական բարեկամութեան խմբակցութեան փոխ նախագահ Պրատ Պաթ  հրապարակեց Գանատայի խորհրդարանին ներկայացուելիք թիւ 587 բանաձեւը, որ կը նպատակադրէ Ապրիլ ամիսը Գանատայի մէջ ցեղասպանութեանց յիշատակման ամիս հռչակել։

 Հայ Դատի յանձնախումբի պատուիրակութեան մաս կը կազմէին Պօղոս Սէֆէրեան, Յակոբ Աբգարեան եւ Աբօ Պեքմեէզեան։


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.