Գորսիքայի Ազգային Ժողովը Թուրքիայէն կը պահանջէ ճանչնալ Հայոց Ցեղասպանութիւնը


«Նոր Յառաջ».- Գորսիքայի Ազգային Ժողովը Ապրիլ 14-ին միաձայնութեամբ ընդունած է բանաձեւ մը, որմով Թուրքիայէն կը պահանջուի Հայոց ջարդը ճանչնալ որպէս ցեղասպանութիւն։

Բանաձեւին բնագիրը պիտի փոխանցուի Ֆրանսայի Արտաքին գործոց նախարարութեան, որպէսզի ան յղուի Թուրքիոյ կառավարութեան։ Բանաձեւի նախագիծը, որ ներկայացուած է շրջանային խորհրդական Ժան Պիանքուչիի կողմէ, ստացած է տեղական ընտրեալներուն լիակատար հաւանութիւնը։


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.