Արժանթինի Նախագահ Քրիսթինա Քիրչներ զօրակցութիւն յայտնեց Ցեղասպանութեան ճանաչման


 

Ապրիլ 14-ին, Արժանթինի նախագահուհի Քիրչներ  ընդունեց այցելութիւնը հայ գաղութի անդամներէն  բաղկացած պատուիրակութեան մը՝ նախագահութեամբ՝ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ  առաջնորդ ՝Գիսակ Արք. Մուրատեանի։ Հանդիպման ընթացքին նախագահուհի իր զօրակցութիւնը յայտնեց Հայկական Ցեղասպութեան ճանաչման գործընթացին գծով եւ ոգեկոչման հարիւրամեակին առթիւ:
Պատուիրակութեան մաս կը կազմէին Հայ Կեդրոնի նախագահ՝   Ալպերթօ Ճերէճեան, Հայ Դատի Յանձնախումբի ատենապետ՝Պարթոլոմէ Քէչեան, բժիշկ՝Տքթ. Տանիէլ Սթամպուլեան,նախագահ    Centros  de Esudios Infectologicos  հիմնարկութեան եւ Fighting Infectious Diseases in Emerging Countries,  ձեռնարկատէր Էտուարտօ Էօրնէքեան՝ նախագահ Corporacion America ի եւ Լէօն Արսլանեան,   արդարութեան   նախկին նախարար:
Նախագահին  կ’ընկերանար  Արդարութեան եւ Մարդկային Իրաւանց  նախարար՝ Խուլիօ Ալաք:

 


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.