ՅԻՇՈՂՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ՏԵՏՐ – (Հատուած)


…Ես ծնած եմ 1936 թուի Յունուարի 13-ին Դամասկոսի այն խոնարհ թաղին մէջ, որ եղեր էր ապաստանը տեղահանութենէն և Եղեռնէն վերապրած մեր ժողովուրդի բեկորներուն։ Ես այդ տունը չեմ տեսած։ Ես ծնա՛ծ եմ այդ տան մէջ և ան դեռ կ՚ապրի իմ ենթագիտակցութեանս մէջ բոլոր իր ձայներով և բոյրերով և եռուզեռով։ Այդ օրերէն մնացած է մէկ տժգոյն լուսանկար, որ ցոյց կու տայ, թէ ինչպիսի՞ն էր կեանքը, երբ նոր աշխարհ կու գայի ես։ Նոյն երդիքին տակ, իրենց առօրեայ ցաւերով «տապկուող» (մօրս բառն է) ընտանիքներու սրտառուչ համակեցութիւնն է ան։ Մեծէն մինչև փոքրը՝ նո՛յն սեղանին շուրջ։ Իսկ ես փոքրագո՛յնն եմ, մօրս գրկին մէջ։ Բացարձակապէս անտեղեակ՝ շուրջիս պատահարին։ Անտեղեակ և անփո՛յթ՝ թէ ի՞նչ կրնար եղած ըլլալ ճակատագրի մը տնօրինումը։

Հիմա կ՚անդրադառնամ, թէ ի՜նչ հրաշալի ամբարտաւանութեամբ մը կ՚ապրէին երեխաները այդ օրերուն։ Կ՚անդրադառնամ, թէ բնախօսական ի՜նչ առաքելութիւն էր վիճակուած մեզի…առաքելութիւնը ապրելու, աճելու, բազմանալու։ Մենք այդ թաղի առաջին սերունդն էինք. աշխարհ եկած՝ մանկաբարձուհի՝ Էպէ Արշալոյսի ձերամբ։ Առանց բժիշկի և մայրանոցի։ Եկած էինք մեր զարմը մշտնջենաւորելու տարերային կոչումով։ Եկած էինք այդ անխօս առաջադրութեամբ։ Մենք «ծնա՛ծ» էինք այդ գործին համար։ (Դիտմամբ կը չակերտեմ այս «ծնիլ»ը, քանի որ այս մէկը բարբառային է մեզի համար…Ըսել կ՚ուզէ՝ «Ծօ, դու՛ն միայն կրնաս ընել այս գործը»)։ Մե՛նք միայն։

Քսանմէկ տարի առաջ իմ ծնունդէս՝ կ՚ըսկսէր մեր ժողովուրդի ահարկու տեղահանութիւնը և գողգոթան։ Լուսանկարին մէջ, նոյն սեղանին շուրջ բոլորուած են բոլոր անոնք, որոնք անցան նախճիրի դաշտերէն։ Տեսան աքսոր, համաճարակ, սով և ջարդ։ Ապրեցան անարգանքը, անպատւութիւնը, խոշտանգումն ու մահը և հրաշքով ու յամառութեամբ վերապրեցան։ Բայց տեսան վերստի՛ն տեղահանութիւն, վերստի՛ն ջարդ, երբ Կիլիկիան մնաց ինքնիր բախտին՝ Քեմալական վոհմակներուն դիմաց։ Թաղը, որուն մասին կը խօսիմ հազիւ տասը տարուան կեանք ունի, երբ իմ սերունդս կը ծնի և ան կը ծնի նոր աշխարհամարտի մը նախօրեակին, որմէ բացարձակապէս անտեղեակ է սեղանին շուրջ ծուարած ընտանիքներու այս խումբը։

Աչքիս առջևն են հիմա իմ տարեկիցներս աշխարհի չորս ծագերուն։ Աչքիս առջևն է նաև մեր ծնողներու սերունդը, որ իջած է գերեզման։ Այս երկու սերունդներով կարելի դարձաւ այն անհասկնալին և անսահմանելին, զոր մենք այսօր Սփիւռք կ՚անուանենք։ Ան, որ ծնաւ աքսորի ճամբուն վրայ, ինչպէս մայրս, և կրցաւ ճողոպրիլ Ցեղասպանութեան գերանդիէն, արդէն քսանամեայ ջահել մըն էր 1936-ին, երբ ես աշխարհ կու գայի։ Իւրաքանչիւր օր, զոր հայրս և իր սերնդակիցները արհեստաւորի իրենց մատներով կը յաջողէին կորզել ճակատագրի երախէն և իւրաքանչիւր գիշեր, որ անոնք կը վերապրէին հասնելով առտուան փրկարար դռներուն, յաղթական գրոհ մըն էր թուրքին դէմ։ Թուրքը բնորոշու՛մն էր չարիքին։ Ցեղասպանութեան արհաւիրքը ջնջած էր բոլոր նրբութիւնները իրենց մտքին մէջ։ Գոյները՝ միանգամընդմիշտ խտացուցա՛ծ։ Հեռու վանա՛ծ՝ բացառութիւնները։ Մարդոց աչքերուն մէջ նստած էր թանձր անէծքն ու վիրաւորանքը։ Ցեղասպան Թուրքիան «թուրք ժողովուրդ»էն բաժնող եզրեր չկային մեր մեծերու մտքին մէջ, քանի որ կեանքը, զոր ապրած էին իրենք և կ՚ապրէին տակաւին ամէն օր, վերացական եզրերու համար տեղ չունէր։ Իրենց օրը գրոհային կռիւ էր և այդ հզօր գրոհը իրենց գոյութիւնը պայմանաւորող գործօնը եղաւ մինչև վերջին շունչ։

 Կարօ Արմենեան


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.