Նափոլիի մէջ խաչքարի զետեղում ի յիշատակ Հայոց Ցեղասպանութեան նահատակներուն


«Նոր Յառաջ»- Նախաձեռնութեամբ՝ Վատիկանի եւ Մալթայի ՀՀ դեսպան Միքայէլ Մինասեանի, Շաբաթ Ապրիլ 11-ի կէսօրին Նափոլիի՝ San Gregorio Armeno- Հայոց Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ, տեղի ունեցած է խաչքարի զետեղման արարողութիւն ի յիշատակ Հայոց Ցեղասպանութեան նահատակներուն։

Արարողութեան ներկայ գտնուած են ՀՀ նախագահ՝ Սերժ Սարգիսեան, Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս Գարեգին Բ., Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. Կաթողիկոս, Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Ներսէս-Պետրոս ԺԹ., Նափոլիի առաջնորդ՝ Կարդինալ Գրէշէնցօ Սէբէ, կարդինալ Քուրթ Քոխ, Նափոլիի քաղաքապետը։Կարդինալ Սեբէ իր խօսքին մէջ կատարած է Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչի պատմականը, խօսած է Նափոլի քաղաքին վրայ անոր ազդեցութեան մասին։

Կարդինալ Սեբէ խօսած է Հայոց Ցեղասպանութեան հարիւրամեակին մասին եւս, յիշելով Հայոց նահատակութիւնը եւ այդ նահատակութեան կարեւորութիւնը հայ ժողովուրդին համար։Իրմէ ետք խօսք առած է Գարեգին Բ. Կաթողիկոս։ Ան հայերէնով արտասանուած իր ճառին մէջ նոյնպէս մեծարած է Սուրբը, վեր առնելով հայ-իտալական բարեկամութիւնը, նաեւ Հայ Եկեղեցւոյ եւ Կաթողիկէ աշխարհի միութիւնը, բարեկամութիւնը։

Անոր յաջորդած է Արամ Ա. Կաթողիկոս, որ իր ճառը արտասանած է անգլերէն լեզուով։ Ան եւս անդրադարձած է Սուրբին կեանքին եւ Հայոց Ցեղասպանութեան 100-ամեակին։

Այս արարողութենէն ետք տեղի ունեցած է Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչի ներգնագաւիթին մէջ զետեղուած 2 մեթր 70սմ. բարձրութեամբ խաչքարին օծումը եւ բացումը. այս խաչքարը նմանօրինակ է այս խաչքարերէն մէկուն, որոնք Ջուղայի մէջ փճացուեցան ազրպեյճանական բանակին կողմէ։ 


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.