Արմատները չեն կրնար լռել


Մոնթրէալի ֆրանսագիր գլխաւոր օրաթերթերէն LaPresse, իր տպագիր թէ առցանց տարբերակներով լայնօրէն անդրադարձաւ Հայոց ցեղասպանութեան։ Գրողն էր թերթի երկարամեայ աշխատակիցը՝ Ռիմա Էլխուրի, որ իր վերապրած հայ մեծ հօր յիշատակը ոգեկոչեց, 3, 4 եւ 6 ապրիլին, բազմաթիւ յօդուածներով, որոնց կ՚ընկերանային նաեւ Մեծ եղեռնին վերաբերեալ շատ վաւերաթուղթեր ու տեսերիզներ՝ առցանց տարբերակին վրայ ։ Ան յատկապէս այցելած էր մեծ հօր ծննդավայրը՝ Մարտին, Իսթանպուլ ու Հայաստան, որպէսզի կարենար «իրարու փակցնել ժխտուած ողբերգութեան մը կտորուանքները»՝ ինչպէս կր գրէ թերթը։

Ան լայնօրէն անդրադարձաւ ցեղասպանութեան հերքումի փորձերուն, ցեղասպանութեան գործադրութեան, անոր շարունակման՝ մինչեւ օրս (վկայ՝ իր մեծ հօր Սուրիա մնացած ընկերներու շառաւիղները, որոնք այսօր Հայաստան ապաստանած են), ցեղասպանութեան վայրերուն (այսօր՝ աւերակ), մեծ հօր անցած տարագրութեան ճանապարհին, վերապրողներու վկայութիւններուն (հարիւր տարուան վշտին, վերապրելու պատահականութեան), վերջապէս հայրենի բանասէր Վերժին Սվազլեանի աշխատանքին եւ յարակից հարցերու։  


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.