Հայկական Ֆութպոլ. Յովհաննէս Գոհարեանի Ապաքինումը Երկար Կը Տեւէ
1117
0
Հայաստանի ֆութպոլի բարձրագոյն խումբի 20-րդ հանգրուանի Ուլիս – Միքա մրցումին (0-1), տանտէրներու յառաջապահ Յովհաննէս Գոհարեան վնասուածք ստանալով տեղափոխուեցաւ հիւանդանոց:
Ուլիսի մամլոյ քարտուղարութիւնը յայտնեց, որ բժշկական քննութիւններէն ետք յայտնի դարձաւ, որ ֆութպոլիստը յառաջիկայ շաբաթներուն ընթացքին չի կրնար փորձերու մասնակցիլ:
Գոհարեան, որ քիչ մը ծանր վնասուածք ստացած է, յայտնի չէ, թէ ե՛րբ կը վերադառնայ ֆութպոլի դաշտերը, կը յայտնէ ArmSport.am: