Յանցագործութիւններու Թիւով՝ Թուրքիա 13րդ Դիրքը Կը Գրաւէ Եւրոպայի Մէջ


ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Առողջապահութեան համաշխարհային կազմակերպութիւնը հրապարակեց եւրոպական 41 երկիրներէն ներս քրէական յանցագործութիւններուն վերաբերեալ 2014ի իր տեղեկագիրը, ուր Թուրքիա 13րդ դիրքի վրայ է եւրոպական երկիրներուն մէջ, բռնարարքներու եւ սպանութիւններու թիւի հիման վրայ։
Կը նշուի նաեւ, որ Թուրքիոյ մէջ սպանութիւններու կէսէն աւելին կը կատարուի հրազէնի միջոցաւ։
Տեղեկագիրին մէջ, Թուրքիա նշուած է Հայաստանէն, Պուլկարիայէն, Ռումանիայէն, Ատրպէյճանէն, Թիւրքմէնիստանէն եւ Տաճիկիստանէն առաջ, իսկ Ռուսիոյ, Ղազախստանի, Ղրղզստանի, Մոլտովայի, Վրաստանի, Իւզպեքիստանի եւ Ալպանիոյ մէջ կացութիւնը աւելի վատ է։ Ըստ զեկոյցին՝ 2014ին ամէնէն քիչ թիւով սպանութիւններ կատարուած են Զուիցերիոյ, Իսլանտայի, Նորվեկիոյ, Սլովենիոյ եւ Սան Մարինոյի մէջ։


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.