Հակառակորդի Գնդակէն Նահատակուած Է 43ամեայ Աւագ Ենթասպայ Հայկ Քէշիշօղլեանը


ԵՐԵՒԱՆ, «Երկիր».- Հայաստանի հիւսիսարեւելեան ուղղութեամբ տեղակայուած Ն զօրամասի պահպանութեան տեղամասի մարտական դիրքին մէջ, ըստ նախնական տուեալներու, հակառակորդին կողմէ արձակուած կրակոցներէն ստացած հրազէնային վէրքերուն պատճառով զոհուած է աւագ ենթասպայ, 1972ի ծն-ունդ Հայկ Սարգսի Քեշիշօղլեանը:
Զոհուած աւագ ենթասպայի երեք որդիներէն մէկը կը ծառայէ Արցախի մէջ, իսկ միւսը ռազմական ուսումնարանի սան է։
Ան Արագածոտնի մարզի Նիգաւան գիւղէն էր, սակայն ընտանիքին հետ բնակութիւն հաստատած է Աշտարակ քաղաքին մէջ:
«Երկիր»ի տեղեկութիւններով՝ Հայկը զօրակոչային ծառայութեան ժամկէտի աւարտէն ետք անցած էր պայմանագրային ծառայութեան:
«Երկիր»ի հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին Նիգաւանի գիւղապետ Արտաշ Գալստեան յայտնած է, որ Հայկ ամուսնացած էր, ունէր երեք որդի, որոնցմէ մէկը կ՛ուսանի Ռուսիա՝ ռազմական ուսումնարանին մէջ, միւս որդին ալ կը ծառայէ Ստեփանակերտի մէջ, իսկ կրտսերը դպրոցական է՝ 6րդ դասարանի աշակերտ: Գիւղապետը նշած է, որ Ռուսիա գտնուող եւ բանակին մէջ ծառայող Հայկի որդիները մասնակցած են իրենց հօր յուղարկաւորութեան: «Ընտանեկան վիճակը շատ ծանր էր, Աշտարակում վարձով էին բնակւում», յայտնած է գիւղապետը։

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.