Անգամ մը եւս քողազերծուեցաւ ցեղասպանին քանդիչ դէմքը


Հազար ու մէկ եկեղեցիներու քաղաք ու հարիւր զանգակատուներու պատմական Անի քաղաքին նուիրուած դասախօսական երեկոյ մը տեղի ունեցաւ չորեքշաբթի, 2 ապրիլ 2015-ին, կազմակերպութեամբ Հայոց ցեղասպանութեան հարիւրամեակի Գանատայի մարմնին՝ Քեպէգի ազգային (մեծ) գրադարանի ընդարձակ, հոծ ու հետաքրքիր բազմութեամբ մը լեցուն լսասրահին մէջ՝ ի Մոնթրէալ։

Հրաւիրուած էին երկու երիտասարդ դասախօսներ։ Առաջինը՝ ճարտարապետ Ազատ Շիշմանեան, մաս կը կազմէ Neuf architectes գրասենեակին ու անդամ է ԿԱՄԱՐ հայ ճարտարապետներու ու ճարտարագէտներու յանձնախումբին։ Ան ներկայացուց Բագրատունեաց Հայաստանի Անի միջնադարեան մայրաքաղաքը՝ իր աւերակներով, շեշտեց անոր կարեւորութիւնը հայկական ու համաշխարհային ճարտարապետութեան պատմութեան մէջ ու նշեց, որ ՄԱԿ-ի ԻՒՆԵՍԳՕ կազմակերպութիւնը զայն հռչակած է որպէս համաշխարհային ժառանգութեան մաս կազմող տարածք, աւելցնելով, որ դժբախտաբար անհրաժեշտ հոգածութեամբ, խնամքով եւ պատմականը պահպանելու նախանձնախնդրութեամբ չէ, որ ան կը պահուի ներկայիս թուրք պետութեան կողմէ, այլ ի ցոյց մարդկանց, սխալ մօտեցումներով՝ աղճատելով անոր հայկական դիմագիծը։

Երկրորդ դասախօսը՝ Denis Boucher, որ մաս կը կազմէ Քեպէգի Կրօնական ժառանգութեան խորհուրդին, խօսեցաւ Մոնթրէալի եկեղեցիներուն ու զանոնք իբր կրօնատեղի կամ այլապէս պահպանելու համար կատարուող հսկայ ճիգերուն մասին։ Այդ ճիգերէն մէկն ալ նոյն ինքն ԻՆԸ ճարտարապետներ ընկերութեան մասնակցութեամբ տեղի կ՚ունենայ ներկայիս՝ Մոնթրէալի համալսարանի հիւանդանոցային գերհամալիրի կառուցման ծիրէն ներս, ընդգրկելով անոր հողատարածքին վրայ գտնուող եւ երկար ատենէ իվեր լքուած եւ այժմ քանդուած եկեղեցիի մը վերակառուցուող պատմական գեղեցիկ զանգակատունը։

Ներկաները, ջախջախիչ մեծամասնութեամբ ոչ-հայեր, իրենց հարցումներու եւ ելոյթներու ճամբով անդրադարձան երկու երկիրներու տարբերութեան, ափսոսալով, որ միջազգային հանրութիւնը աւելի ազդու միջոցներու չի դիմեր փրկելու համար ցեղասպանութեան ենթարկուող հայկական մշակութային ժառանգութիւնը։

Վ. 


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.