Արցախի Մէջ ՀՅԴի Նախընտրական Կարգախօսը՝ «Խաղաղութիւն, Արդարութիւն, Աշխատանք»


ԵՐԵՒԱՆ, «Երկիր».– Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան մէջ 3 Մայիսին տեղի պիտի ունենան խորհրդարանի ընտրութիւններ: Նախընտրական քարոզարշաւի մեկնարկը արդէն տրուած է: ՀՅԴ համամասնական ցանկին առաջին՝ Արթուր Աղաբեկեանի գլխաւորած խումբը հանդիպումներ ունեցած է Ստեփանակերտի եւ Մարտունիի քանի մը գիւղերու մէջ:

«Ունենք անցեալ, ներկայից շատ գոհ չենք, առաջարկում ենք լուսաւոր ապագայ»: Փաստերու ու խոստումներու այս տրամաբանութեամբ է, որ Դաշնակցութիւնը կը ներկայանայ ընտրողներուն հետ հանդիպումներուն: «Խաղաղութիւն, արդարութիւն, աշխատանք». կուսակցութեան նախընտրական կարգախօսն է: Կուսակցութիւնը կը խոստանայ, որ նոյն կարգախօսով պիտի առաջնորդուի նաեւ յառաջիկայ տարիներուն եւ գործէ այս աշխատելաոճով։ Առաջին հանդիպումներէն մէկը քաղաքաշինութեան նախարարութեան աշխատակիցներուն հետ է: Արցախի դաշնակցականները կը խօսէին նաեւ կուսակցութեան աշխարհասփիւռ կառոյցներու անունով: «Արցախն ու Դաշնակցութիւնը բնական դաշնակիցներ են», նկատել տուած էր Վահրամ Բալայեան՝ վստահեցնելով, որ Արցախեան հարցը Դաշնակցութեան առաջնահերթ խնդիրներու կարգին է։

ՀՅԴ նախընտրական արշաւի մասին դիտել հոս՝

https://www.youtube.com/watch?v=8dNjROmWDjc


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.