Շիֆ Քոնկրեսի Բեմէն Պիտի Կարդայ Վերապրողներու Անունները


ՈՒԱՇԻՆԹԸՆ.- Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու տան անդամ Էտըմ Շիֆի գրասենեակը Ապրիլ 1ին տեղեկացուց, թէ քոնկրեսականը նախաձեռնած է Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու անուններ հաւաքելու համացանցային արշաւի մը, որպէսզի անոնք Քոնկրեսի բեմէն կարդացուին։
Շիֆ որոշած է Ապրիլ 22ին ամբողջ ժամ մը յատկացնել, Ներկայացուցիչներու տան բեմէն Ցեղասպանութեան 1.5 միլիոն զոհերու մէկ փոքր մասնիկին անունները կարդալուն, որուն համար քոնկրեսականը կոչ կ՛ընէ զոհերու շարաւիղներուն, որոնք կրնան ըլլան թէ՛ իր ընտրաշրջանէն եւ թէ Միացեալ Նահանգներու տարածքէն, ղրկելու զոհերու անունները, որոնք պիտի պահուին Քոնկրեսի արխիւներուն մէջ։
«Աւելի քան 1.5 միլիոն զոհի անուն կարդալու համար հարկաւոր են երկար շաբաթներ, եւ ես յոյս ունիմ, որ զոհերու անուններու ընթերցումը պիտի օգնէ ուշադրութիւն հրաւիրել յանցագործութեան վրայ: Անունները, ի տարբերութիւն թիւերուն, այդքան վերացական չեն: Անոնցմէ իւրաքանչիւրը մէկուն զաւակն էր, մայրը կամ հայրը, մեծ մայրը կամ մեծ հայրը, հօրեղբայրը կամ մօրաքոյրը: Իւրաքանչիւրը թանկարժէք կեանք էր», յայտարարած է Շիֆ:
Կը խնդրուի անունները ղրկել https://docs.google.com/forms/d/1mig8GYxDyDTbqqLopIDFwgCYj6UyPBIDXBesl8uy2lM/viewform կայքէջը այցելելով։


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.