Ապրիլ 24-ը եւ Ա. Վռամեանի մարգարէական կանխատեսումը


 

«Հայութեան բնաջնջումի ծրագիրը ի գլուխ պիտի հանեն, եթէ յարմարագոյն առիթը ներկայանայ։ Իսկ այդ առիթը կամ պատեհ րոպէն միջազգային բարդութիւններն են, որոնք գոնէ կարճ ժամանակի մը համար պիտի կրնան Եւրոպայի ուշադրութիւնը Արեւելքէն հեռու պահել եւ թողուլ, որ դահիճն ու զոհը մնան առանձին, դէմ դիմաց։ Ահա այդ ահաւոր րոպէին է, որ հայաջնջումի ահեղ ծրագիրը պիտի իրականանայ առանց դժուարութեան եւ պատմութեան մէջ նմանը չտեսնուած ողբերգութեամբ»…

Ա. ՎՌԱՄԵԱՆ

Հայ ժողովուրդին դէմ թրքական պետութեան գործադրած ցեղասպանութեան վերաբերեալ մեր նորագոյն պատմութեան էջերը թերթատելով, ընթերցողին ուշադրութիւնը վստահաբար պիտի գրաւէ Մեծ Եղեռնի առաջին նահատակներէն Ա. Վռամեանի հռչակաւոր մարգարէական կանխատեսումը.

«Թուրքիոյ, Կովկասի եւ Պարսկաստանի մէջ ապրող հայը գիտնալու է այսօր, որ ահեղ դաւադրութիւն մը կայ իրեն դէմ, միլիոնաւոր մոլեռանդներու լռելեայն համաձայնութիւնը կռնակ ունենալով: Թաթարներու այսօրուան արարքներն եւս Կովկասի մէջ, որոշ ծրագրի մը գոյութիւնը կը մատնեն՝ տնտեսապէս ջախջախել հայերը, անոնց երիտասարդ ուժերը սպառել եւ մնացորդը մղել գաղթելու.- Հայութեան բնաջնջումի ծրագիրը ի գլուխ պիտի հանեն, եթէ յարմարագոյն առիթը ներկայանայ։ Իսկ այդ առիթը կամ պատեհ րոպէն միջազգային բարդութիւններն են, որոնք գոնէ կարճ ժամանակի մը համար պիտի կրնան Եւրոպայի ուշադրութիւնը Արեւելքէն հեռու պահել եւ թողուլ, որ դահիճն ու զոհը մնան առանձին, դէմ դիմաց։ Ահա այդ ահաւոր րոպէին է, որ հայաջընջումի ահեղ ծրագիրը պիտի իրականանայ առանց դժուարութեան եւ պատմութեան մէջ նմանը չտեսնուած ողբերգութեամբ»…

1905-ին գրուած են Ա. Վռամեանի մարգարէական այս մտածումները։ Գրուած են Արեւելահայաստանի մէջ եւ Անդրկովկասի տարածքին ցարական իշխանութեանց դրդած հայեւ թաթարական ընդհարումներու օրերուն եւ ազգամիջեան այդ արիւնալի գրգռութեանց լոյսին տակ։ Վռամեան այդ ժամանակ կը գտնուէր Պոսթըն՝ Մ. Նահանգներ հաստատուած հայ պանդուխտները կազմակերպելու դաշնակցական գործիչային առաքելութեամբ եւ մարգարէական իր կանխատեսումը հրապարակած էր տեղւոյն «Հայրենիք» օրաթերթի 28 Հոկտեմբերի թիւով լոյս տեսած յօդուածի մը մէջ։

Ուշագրաւը այն է, որ Ա. Վռամեան մարգարէական այդ կանխատեսումով կը բացատրէր ու կը հիմնաւորէր այդ ժամանակաշրջանին Դաշնակցութեան որդեգրած քաղաքական ռազմավարութիւնը։ Ինկած թրքական, պարսկական եւ ռուսական տիրապետութեանց տակ՝ Հայաստանն ու հայութիւնը կը դիմագրաւէին բնաջնջման եւ անհետացման օրհասական վտանգը։ Ելքը պանդխտութիւնն ու հայրենալքութիւնը չէին կրնար ըլլալ։ Ելքը – եւ միակ յոյսը – զէնքով հայոց փրկութեան նուաճումն էր։ Իսկ հայ ազգային ազատագրական շարժումը յաջողութեան եւ յաղթանակի յոյս կրնար ունենալ միայն այն ժամանակ, երբ Թուրքիոյ, Պարսկաստանի թէ Ռուսաստանի մէջ վերջ տրուէին ամէն կարգի բռնատիրութեանց՝ քաղաքական զարթօնքի եւ պետական ղեկավարութեան կոչելով երիտասարդ ու յեղափոխական ուժեր, որոնք ազգերու միջեւ համերաշխութեան գաղափարին զինուորագրուած պիտի ըլլային եւ ոչ թէ ազգամիջեան հակամարտութիւններ հրահրէին… Ա. Վռամեան եղաւ դրօշակիրը հայեւթուրք յեղափոխական դաշնադրութեան եւ իր կեանքի գնով գործեց ի խնդիր այդ գործակցութեան ամրապնդումին։

Վռամեան ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ էր, ընտրուեցաւ նաեւ Օսմանեան Խորհրդարանի դաշնակցական պատգամաւոր՝ Վանի շրջանէն, պարտութեան մատնելով իթթիհատական թեկնածուն։ Իբրեւ այդպիսին, Մեծ Եղեռնի նախօրէին, հաստատուեցաւ Վանի մէջ, ուր Արամի եւ Իշխանի (Նիկոլ Միքայէլեան) հետ ղեկավարեց Վասպուրականի հայութեան քաղաքական պայքարը՝ ի սպաս հայկական լայն ինքնավարութեան ձեռքբերումին։ Բայց Ապրիլի 3-ին Վանի կուսակալ Ճեւտէթ պէյը դաւադրաբար սպաննել տուաւ Վանայ Իշխանը, իսկ երկու օր ետք՝ Ապրիլի 5-ին, երբ Իշխանի սպանութեան յանցագործները պատժելու պահանջով կուսակալին քով գացած էր, Ա. Վռամեան իր կարգին ձերբակալուեցաւ եւ աքսորուեցաւ՝ ճամբու ընթացքին նահատակուելու համար։

Աւազանի անունով Օննիկ Դերձակեան՝ 1871-ին Պոլիս ծնած եւ պատանի տարիքին, Կոմիտասի ու Լեւոն Շանթի հետ, Էջմիածին ղրկուած եւ Գէորգեան Ճեմարանը աւարտած ներհուն մտաւորական եւ եռանդուն հասարակական գործիչ էր Արշակ Վռամեան։ 1889-ին Պոլիս վերադարձած եւ 1894-ին Դաշնակցութեան անդամագրուած էր։ Յեղափոխական իր անձնուէր գործունէութեամբ անմիջապէս դարձած էր Դաշնակցութեան Պոլսոյ Կ. Կոմիտէին սիւներէն մէկը։ Բաբգէն Սիւնիի հետ ծրագրած ու նախապատրաստած էին Պանք Օթոմանի գրաւումը։ Այնուհետեւ, ձերբակալուած ու մահապատիժի դատապարտուած էր օսմանեան իշխանութեանց կողմէ, բայց կրցած էր փախուստ տալ եւ հեռանալ Պոլիսէն։ Երկու տարի կազմակերպական գործիչի աշխատանք տարած էր Պուլկարիոյ մէջ, ուրկէ անցած էր Ժընեւ՝ միանալու համար «Դրօշակ»ի խմբագրութեան։ 1898-ին ներկայ գտնուած էր Թիֆլիսի մէջ գումարուած ՀՅԴ Երկրորդ Ընդհանուր Ժողովին, ուր ընտրուած էր Հ.Յ.Դ. Արեւմտեան Բիւրոյի անդամ։ Տարի մը ետք գործիչային առաքելութեամբ ղրկուած էր Մ. Նահանգներ, ուր հիմնած էր «Հայրենիք» թերթը եւ վարած էր անոր խմբագրութիւնը մինչեւ 1907։ 1908-ի Օսմանեան Սահմանադրութեան հռչակումէն ետք վերջնականապէս վերադարձած էր Պոլիս եւ կուսակցական ու պետական բարձրագոյն պատասխանատուութիւններ ստանձնած էր մինչեւ 1915-ի իր նահատակութիւնը։

Այսպէս, մարգարէական իր կանխատեսումին առաջին զոհերէն մէկը եղաւ Վռամեան՝ հայեւթուրք համերաշխութեան համար իր ցանած գաղափարապաշտ սերմերուն փոխարէն քաղելով… դառնագոյն պտուղը թրքական եղեռնագործութեան։

Եւ այսօր, Մեծ Եղեռնի 100-ամեակին, Վռամեանի օրինակն ու մարգարէական կանխատեսումը կը յուշեն հայոց սերունդներուն, աշխարհի չորս ծագերուն, թէ թուրք պետական մտածողութեան մէջ քաղաքակրթական խոր արմատներ ունի այսպէս կոչուած «հայկական սեպ»էն ձերբազատուելու «հրամայականը»։ Հայաստանն ու հայկական հողերը, իբրեւ հայ ազգի պատմական սեփականութիւնը, գոյութեան իրաւունք չունին յաչս թրքական պետութեան, որ սեփական ցեղին բռնագրաւած հողերը թրքացնելու միակ կոչումով կ՚առաջնորդուի եւ, այդ ճամբուն վրայ, ոչ մէկ քաղաքական, իրաւական կամ մարդկային կաշկանդում կը ճանչնայ, ոչ մէկ խոչընդոտ կ՚ընդունի…

Իսկ հայ ժողովուրդը, անկախաբար ազգային-քաղաքական ինքնահաստատման իր բնական ձգտումներէն եւ սեփական անկախ հայրենիքի ու պետականութեան իրաւունքէն, սոսկ քաղաքակրթական իր կենսունակութեամբ, կամայ թէ ակամայ կ՚արգելակէ ամբողջ տարածաշրջանին վրայ թրքական գերիշխանութեան «պահպանումը»… Ինչ որ ալ ըլլան պատմական զարգացումներու հետեւանքով առաջացած աշխարհաքաղաքական պայմանները, թրքական պետութիւնը դատապարտուած կը զգայ ինքզինք շարունակելու հայաջնջումի ծրագրին գործադրութիւնը։ Կրնայ միայն ու պարզապէս հայաջնջման ծրագրին գործադրութեան ձեւերը փոփոխութեան ենթարկել՝ արտաքին պայմաններուն համապատասխան յառաջ ընթանալու համար։

Եւ վերապրող հայութիւնը իրաւունք չունի փայփայելու Ա. Վռամեանի եւ իր սերունդին դառն ու ողբերգական երազը։ Տեսնելով հանդերձ թրքական պետութեան հետապնդած հայաջնջումի ծրագրին վտանգը, 1908-ի Օսմանեան Սահմանադրութեան ընդմէջէն ատենի հայ ղեկավարութիւնը փայփայեց այն յոյսը, որ թուրք ժողովուրդի ծոցէն կրնայ երեւան գալ երիտասարդ սերունդ մը, որ հայ ժողովուրդին մէջ փնտռէ իր ճակատագրակիցն ու գործակիցը։ Քաղաքակրթական հակադրութեան գործօնը անշրջանցելի էր սակայն եւ Հայաստանն ու հայութիւնը ծանրագոյն գին վճարեցին նման յոյսերու փայփայումին։

Ժամանակը ամենայն դաժանութեամբ հաստատեց, որ հայ ժողովուրդի քաղաքական ճակատագիրը առաջնորդելու կոչուած ազգային ղեկավարութիւն մը, մանաւանդ երբ ի մտի կ՚ունենանք 1918-ին Հայաստանի անկախութեան նուաճումէն եւ Հայաստանի Հանրապետութեան կերտումէն ասդին գործած հայ պետական ղեկավար ուժերը, դատապարտուած է միշտ զգօնութեամբ տեսնելու եւ բնաւ մտահան չընելու դահիճին պետական քաղաքականութեան առանցքը կազմող քաղաքակրթական մեծ հակադրութիւնը։

Չի բաւեր, որ հայ ժողովուրդը պատրաստակամութիւն ունենայ ներելու թրքական պետութեան ցեղասպանական ոճիրը, եթէ անշուշտ կրնայ այդպէս՝ առանց իրաւունքի ու արդարութեան վերականգնումին ու քաղաքական հատուցումին ներել… Անհրաժեշտ է ու նախապայման, որ թրքական պետութիւնը հաշուի նստի իր պատմութեան հետ եւ ընդունի, որ քաղաքակրթական ծանրագոյն մոլորանք էր ու ոճիր՝ աշխարհի այս գօտիէն ներս թրքական գերիշխանութեան «պահպանումը» Հայաստանի ու հայութեան գերեզմանումին վրայ խարսխելու քաղաքականութիւնը։

Միայն այդ պարագային նախ թուրք ժողովուրդը հնարաւորութիւն կ՚ունենայ իր պետական ղեկավարութենէն հաշիւ պահանջելու, ապա՝ սնուցանելու այն յոյսը, որ կարելի է եւ պէտք է հայ ժողովուրդին հետ համատեղ կեանքի ու բարի-դրացիական յարաբերութեանց քաղաքակրթական նոր էջ բանալ։

Անհող մտամարզանք եւ անհեռանկար ինքնախաբէութիւն են մնացեալ բոլոր վերլուծութիւնները եւ մեկնաբանութիւնները, թէ ժամանակները կը փոխուին եւ ազգերն ու պետականութիւնները զարգացում կ՚ապրին եւ թէ, մինչեւ իսկ, պատմականօրէն իրարու հակադրուած ազգերու եւ պետութեանց նորահաս սերունդները ի վերջոյ անցեալի բեռէն լիցքաթափուելու ուղին պէտք է գտնեն։

Դժուար չէ զոհը դուրս հանել «զոհ»ի հոգեբանութենէն, անոր հաւաքական յիշողութեան եւ գիտակցութեան վրայ ճնշող ցեղասպանութեան ահաւոր բեռէն։ Դժուարը եւ այս պարագային նախապայմանը յաղթահարումն է դահիճին մէջ շարունակուող անպատժելիութեան զգացումին։ Իսկ թրքական պետութեան այսօրուան ղեկավարութիւնը դոյզն անդրադարձումն իսկ չունի, աւելին՝ կը մերժէ ունենալ, խոստովանելու համար որ ինք ժառանգորդն է Հայաստանի եւ հայ ժողովուրդի կործանման վրայ խարսխուած ցեղապաշտ պետութեան մը։

Թուրքիան ճշմարտութեան ա՛յս պատին առջեւ պէտք է կանգնեցնեն աշխարհի ճակատագիրը տնօրինող մեծերը, եթէ անկեղծ են իրենց արձակած դիւանագիտական պսպղուն կարգախօսքերուն մէջ։

Այլապէս, հայ ժողովուրդին նորահաս սերունդները անվարան պիտի ձայնակցին Ա. Վռամեանի պատգամին.

«Իրաւունքը, ինչպէս առաջ, այսօր ալ սուրին ծայրն է, այսինքն՝ անոնք միայն իրաւունք ունին, որ սուր ունին կամ եաթաղանին դէմ գէթ զմելի մը։ Իրաւունքը արցունքոտ թաշկինակին ծայրը կապեցինք մենք, փոխանակ սուրին ծայրը դնելու։ Պոռացէք ուզածնուդ չափ, թէ իբր մարդ, ուրիշներու վայելած ազատութիւնը դուք ալ ստանալու իրաւունք ունիք։ Կոկորդնիդ ու արցունքնիդ մեղքցէք։ Պարապ խօսքեր են ատոնք՝ ինչպէս դատարկ փամփուշտ մը առանց վառօդի»…

ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.