Լիոնի մէջ պղծած են Հայոց Ցեղասպանութեան յուշակոթողը
Լիոնի ամենէն ծանօթ հրապարակին՝ Պէլքուռի կից՝ Անթոնէն Փոնսէ հրապարակին վրայ գտնուող Հայոց Ցեղասպանութեան յուշակոթողը պղծուած է անգամ մը եւս: Յուշարձանին վրայ տեղ-տեղ կատարած են հայհոյալից եւ վիրաւորական արձանագրութիւններ:
Յուշակոթողը բարձրացուած էր Լիոնի քաղաքապետարանին նեցուկով եւ 2006 Ապրիլին՝ անոր բացման արարողութեան առթիւ տեղի ունեցած էր շրջանի ժխտող կազմակերպութիւններու կողմէ կազմակերպուած բողոքի ցոյց մը, որ ըստ երեւոյթին աջակցութիւնը կը վայելէր թրքական սպասարկութիւններուն: Ժխտողական այդ ցոյցին մասնակիցները բախած էին լիոնցի լիսէականներու շարժումին, որ վրդոված էր հոն վանկարկուած լոզունգներէն: Ժխտողական այդ ցոյցին զուգահեռ, արդէն վիրաւորական արձանագրութիւններ կատարուած էին յուշակոթողին վրայ: