Քրտական կուսակցութիւնը պիտի առաջադրէ Կարօ Փայլանի թեկնածութիւնը Թուրքիոյ ընտրութիւններուն
- (0)

Քրտական Ժողովուրդներու դեմոկրատական կուսակցութեան (ԺԴԿ) մեծամասնական ընտրակարգով Թուրքիոյ յառաջիկայ խորհրդարանական ընտրութիւններուն պիտի մասնակցի նաև քրտական կուսակցութեան կեդրոնական գործադիր խորհուրդի անդամ Կարօ Փայլանը։ Այս մասին թրքական «Ռատիքալ» թերթը յայտնած է կուսակցութեան աղբիւրը։
Ըստ թերթին, ԺԴԿ-ն հայկական համայնքը ներկայացնող Փայլանին պիտի առաջադրէ Սթանպուլի մէջ։ կը Նշուի, որ Ժողովուրդներու դեմոկրատական կուսակցութեան համանախագահ Սելահատտին Տեմիրթաշի թեկնածութիւնը նոյնպէս պիտի առաջադրուի Սթանպուլի մէջ։
Յիշեցնենք, որ բացի Փայլանէն, ԺԴԿ-ի ցուցակով Թուրքիոյ ազգային մեծ ժողովի ընտրութիւններուն համար պայքարելու դիմում ներկայացուցած են հայկական ծագումով 6 թեկնածուներ՝ Մուրատ Մըհչըն, Ֆիլոր Ուլուքը, Տիրթն Ջևահիր Շէնը, Ֆիքրի Չալըշի, Նուարդ Պաքըրճօղլուն և Զաքարիա Սապունճուն։