Պեռնար Շալանտ Ներկայացուց Իր Հրաժարականը
Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին պաշտօնական կայքը կը հաղորդէ, որ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի գլխաւոր մարզիչ Պեռնար Շալանտ պաշտօնապէս ներկայացուց իր հրաժարականը:
Անոր այդ հրաժարականը ընդունեց Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնի նախագահ Ռուբէն Հայրապետեան:
Ֆետերասիոնին պաշտօնական կայքին միջոցով Շալանտ հանդէս եկաւ յայտարարութեամբ մը, որուն մէջ ան իր երախտագիտութեան խօսքը ուղղեց Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին, ազգային հաւաքականին մարզական կազմին եւ համակիրներուն:
Ան իր խօսքին մէջ ըսաւ. «Ես Հայաստան եկայ մօտաւորապէս տարի մը առաջ` գլխաւոր մէկ նպատակ ունենալով. Հայաստանի հետ յաղթահարել Եւրոպայի ֆութպոլի ախոյեանութեան զտումի մրցումները: Ասիկա մեծ մարտահրաւէր մըն էր ինծի համար: Իմ ստորագրած պայմանագիրիս մէջ նշուած էր, որ պէտք է հաւաքենք զտումի այս հանգրուանը յաղթահարելու համար անհրաժեշտ կէտերը, այլապէս ես պէտք է լքեմ իմ պաշտօնս:
«Դժբախտաբար, չկրցանք անհրաժեշտ կէտերը ապահովել, բայց յաջողեցանք իրականացնել շատ լուրջ ծրագիրներ` ֆութպոլի զարգացման վերաբերեալ, ձեւաւորելով Հայաստանի 14 եւ 15 տարեկանէն վար հաւաքականները, որոնք, կը կարծեմ, յառաջիկային պիտի ըլլան Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականին կորիզները:
«Բնականաբար, տխուր եմ այս հրաշալի երկիրը լքելուս համար, որովհետեւ այստեղ աշխատիլը իրապէս շատ հաճելի էր ինծի համար:
«Յաջողութիւն կը մաղթեմ Հայաստանի ազգային հաւաքականին: Յոյսով եմ, որ օրին մէկը Հայաստան հանդէս գայ Եւրոպայի կամ աշխարհի ախոյեանութեան»: