Պետրոս Շիրինօղլու Թուրքիայէն Փոխհատուցում Պահանջելուն Համամիտ Չէ
ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Թրքական «Սթար» թերթին մէջ, Էրտինչ Ագոյունլուի ստորագրութեամբ հրատարակուեցան «Սուրբ Փրկիչ» հիւանդանոցի հոգաբարձութեան ատենապետ Պետրոս Շիրինօղլուի կարգ մը յայտարարութիւնները, ըստ որոնց՝ Շիրինօղլու ըսած է, թէ «մենք հատուցում չենք ուզեր, մենք հաշտութիւն կ՛ուզենք»։
«Սթար» թերթը այս լուրը կը հրատարակէ՝ իբրեւ պատասխան մը սփիւռքահայութեան դէմ, որ կը պատրաստուի 1915ի հարիւրամեակին։ Շիրինօղլու դիտել տուած է, որ իր մեծ հայրն ալ այդ պատահարներուն ընթացքին մեռած էր. այդ շրջանի գրգռութիւններուն հետեւանքով, եղբայրը եղբօր դէմ հաներ են։ «Ես հիմա կողմնակից չեմ, որ այս հարցը այսքա՛ն երկարի. հարցը պէտք է վերջանայ։ Դէմ եմ երկու երկիրներն ալ այս հարցով վիրաւորելու։ Նախագահ Էրտողան անցեալները ըսաւ, որ բոլոր արխիւները բաց են։ Այս լուսաբանութիւնը շատ կարեւոր էր։ Ես ալ կը մտածեմ, որ այս հարցը պէտք է քննարկուի ու լուծումի յանգի։ Թող պատմաբանները միջամուխ ըլլան։ Եթէ Թուրքիոյ ու Հայաստանի սահմանները բացուին, այն ատեն հատուցումներէ ալ աւելի շահաւէտ տնտեսական արդիւնք կը ստացուի։ Հաշտութենէն աւելի մեծ շահ մը կա՞յ։ Երկու երկիրներու դռները պէտք է բացուին ու պէտք է խաղաղութիւն հաստատուի», ըսած է ան։
Շիրինօղլու դիտել տուած է նաեւ, որ փոքրամասնութիւնները, հանրապետական շրջանին, ներկայ իշխանութեան օրօք է որ շատ կարեւոր նկատուեցան։ «Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութիւնը վերադարձուց փոքրամասնութիւններուն կորզուած իրաւունքները», ըսած է ան եւ աւելցուցած, որ մեծ թիւով հայաստանցիներ ներկայիս Թուրքիա կ՛աշխատին՝ որպէս փախստական, եւ թէ ինք այս մասին խօսած է Էրտողանի հետ ու Էրտողան պատասխանած է, որ «այս հարցն ալ կը լուծենք», իսկ ներկայիս, Գումգաբուի մէջ անոնց զաւակներուն համար դպրոց կայ, եւ 200 հայրենակիցներու զաւակները հոն ուսում կը ստանան։
«Մարմարա», կը գրէ. «Որքան կը հասկնանք հրատարկուած լուրէն, Պետրոս Շիրինօղլու այս բոլորը յայտնած է որպէս իր անձնական կարծիքը, մինչդեռ թերթը զայն կը ներկայացնէ որպէս Թուրքիոյ հայոց կարծիքը։ Այս պատճառաւ ալ, համացանցի էջերուն վրայ Շիրինօղլուի այս խօսքերուն դէմ վերապահութեան խօսքեր արտասանուած են։ Մեր վերեւի կարծիքը հաստատելու նպատակով, այս առաւօտ (Մարտ 30) կապ հաստատեցինք Շիրինօղլուի հետ, որ նոյնը ըսաւ։ Ան յայտնեց, թէ ինք իր անձնական կարծիքն է, զոր կը յայտնէ այսպիսի տեսակցութիւններու ընթացքին։