Կռփամարտ. Հայաստանի Ախոյեանութիւնը Աւարտեցաւ
Նախորդ շաբաթավերջին Տինամօ համալիրին մէջ աւարտեցաւ Հայաստանի կռփամարտի մեծերու ախոյեանութիւնը` բաւական սուր պայքարէ ետք:
Հայաստանի կռփամարտի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութեան կողմէ հրապարակուած պաշտօնական հաղորդագրութեան մէջ նշուեցաւ, որ այս ախոյեանութեան արդիւնքներուն հիման վրայ պիտի կազմաւորուի Հայաստանի հաւաքականը, որ յառաջիկային տեղի ունենալիք կարեւորագոյն մրցումներուն ընթացքին պիտի պաշտպանէ Հայաստանի մարզական պատիւը:
Ստորեւ կու տանք այդ ախոյեանութեան արդիւնքները, որոնք հրապարակուեցան ArmSport.am կայքին մէջ.
48 քկ.- 1.- Արթուր Յովհաննիսեան, 2.- Արտեոմ Ալեքսանեան, 3.- Յարութիւն Կարապետեան եւ Յարութիւն Յարութիւնեան:
58 քկ.- 1.- Նարեկ Աբգարեան, 2.- Բարեղամ Յարութիւնեան, 3.- Դաւիթ Սարգսեան եւ Գարեգին Աւետիսեան:
56 քկ.- 1.- Արամ Աւագեան, 2.- Հենրիկ Մոքոյեան, 3.- Էրիք Պետրոսեան եւ Սուրէն Առաքելեան:
60 քկ.- 1.- Կարէն Տօնականեան, 2.- Արսէն Պօղոսեան, 3.- Արթուր Վարդանեան եւ Տարօն Կարապետեան:
64 քկ.- 1.- Յովհաննէս Պաչքով, 2.- Արա Պուլուզեան, 3.- Գոռ Երիցեան եւ Գէորգ Ղազէեան:
69 քկ.- 1.- Արման Դարչինեան, 2.- Լէօ Պապեան, 3.- Ռաֆայէլ Բարսեղեան եւ Մելքոն Մելքոնեան:
75 քկ.- 1.- Արթուր Սարգսեան, 2.- Գագիկ Պոյեան, 3.- Սերկէյ Սարգսեան եւ Արայիկ Յարութիւնեան:
81 քկ.- 1.- Նիկոլ Արութիւնով, 2.- Յարութիւն Աւետիսեան, 3.- Արտեոմ Գալստեան եւ Տօնական Խաչատրեան:
91 քկ.- 1.- Հենրիկ Սարգսեան, 2.- Սերիոժա Յակոբեան, 3.- Արտակ Ալավերդեան եւ Արթուր Համբարձումեան:
Գերծանր.- 1.- Աղասի Մեհրապեան, 2.- Ազատ Դաւթեան, 3.- Նարեկ Մելքոնեան եւ Ռաֆայէլ Սիմոնեան: