Հոլանտ 24 Ապրիլին 120 Հոգինոց Պատուիրակութեամբ Պիտի Այցելէ Ծիծեռնակաբերդ
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Ֆրանսա Հայկական Ցեղասպանութեան ոգեկոչման արարողութեան պիտի մասնակցի երկրի ղեկավարին մակարդակով. այս մասնակցութեան առիթով կը կատարուի երեք կոչ՝ յիշողութեան, զոհերու յիշատակին յարգանքի տուրք մատուցելու եւ պատասխանատուութեան, որպէսզի հետագային նման սարսափելի դէպքեր չկրկնուին: Այս մասին յայտարարեց Հայաստանի մօտ Ֆրանսայի արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Ժան Ֆրանսուա Շարփանթիէ:
Դեսպանը աւելցուց, որ ներկայ դրութեամբ, Հայաստանի մօտ Ֆրանսայի դեսպանատունը կ՛աշխատի Հոլանտի այցելութեան կազմակերպման ուղղութեամբ: «Ֆրանսուա Հոլանտ բաւական մեծ՝ մօտաւորապէս 120 հոգինոց պատուիրակութեամբ մը պիտի ժամանէ Երեւան: Ստոյգ կազմի մասին տակաւին տեղեկութիւններ չկան: Պարզապէս կրնամ աւելցնել, որ Ֆրանսայի հայ համայնքի ներկայացուցիչներ ներգրաւուած պիտի ըլլան այդ պատուիրակութեան կազմին մէջ», ըսաւ Շարփանթիէ: