Ըստ Էրտողանի՝ «Անբարոյ» Հայկական Սփիւռքին Նպատակն Է Վնասել Թուրքիոյ
ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Հինգշաբթի, Մարտ 19ին, Թուրքիոյ նախագահ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողան մասնակցեցաւ Համաշխարհային Ա. պատերազմի արխիւներու ցուցահանդէսի մը բացման արարողութեան, եւ զանազան նիւթերու կարգին՝ անդրադարձաւ նաեւ պատերազմական արխիւային փաստաթուղթերը բանալու հարցին։ Նախագահը Հայաստանին ու Հայկական Սփիւռքին կոչ ուղղելով՝ ըսաւ հետեւեալը.
«Հայկական Սփիւռքը կը ջանայ՝ ցաւերը կենդանի պահելէն աւելի՝ մեր երկրին վնաս պատճառել։ Ինչպէս միշտ եւ ամէն տեղ կ՛ըսենք, պատերազմի այդ տարիներուն, մեր երկրին մէջ եւս ողբերգութիւններ պատահած են։ Անատոլուի մէջ հայեր տասնեակ հազարաւոր իսլամներու վնաս պատճառած են։ Ասոնց փաստաթուղթերը ունինք ի ձեռին։ Այդ պնդումները պէտք չէ գործածել որպէս քաղաքականութեան գործիք։ «Հրամմեցէ՛ք, մեր արխիւները բաց են», կ՛ըսենք։ Բոլոր փաստաթուղթերը հո՛ս են։ Մենք բացինք, դուք ալ բացէք» կ՛ըսենք։ Դուրս հանեցէք ձեր փաստաթուղթերը։ Պատմագէտներ, քաղաքագէտներ, իրաւագէտներ պաշտօնի կոչենք. անո՛նք թող պրպտեն։
Բոլոր երկիրները, մէկ առ մէկ պտըտելով, բոլորին մէջ ալ դրամ խաղցնելով, բարոյականէ դուրս արարքներ գործադրելով, Թուրքիոյ դէմ որոշումներ առնել-տալով՝ ո՛չ մէկ տեղ կրնաք հասնիլ։ Իրականութիւնները արխիւներու մէջ պահուած են։ Տեսէ՛ք. եթէ պէտք ըլլայ բանալ մեր բանակի արխիւները, մենք պատրաստ ենք այդ արխիւներն ալ բանալու։ Սակայն մենք մեր կոչին պատասխան չենք ստանար։ Ինչո՞ւ։ Որովհետեւ նպատակը իրականութիւններու հասնիլը չէ, նպատակը՝ Թուրքիոյ վնաս պատճառելն է։
Մենք պատրաստ ենք հաշիւ տալու ամէն բանի համար։ Միայն չմոռնանք, որ մեր երկիրի վերջին 100-150 տարուան ընթացքին, մեր գլխուն ալ եկած են շատ փորձանքներ, որոնց համար մենք ձեզմէ հաշիւ պահանջելու շա՛տ բան ունինք»։