CNN Turk-ը Հայոց Ցեղասպանութիւնը Ժխտող Վաւերագրաան շարժանկար Կը Ցուցադրէ


Մարտ 13-ին, CNN Turk պատկերասփիւռի կայանէն ցուցադրուած է «1914-1915» 9 մասէ բաղկացած փաստագրական շարժանկարի առաջին մասը։ Այս մասին կը գրէ «Հիւրրիյէթ» օրաթերթը։

Շարժանկարը կը պատմէ Համաշխարհային Ա. պատերազմի, երիտթրքական կառավարութեան, ինչպէս նաեւ Հայկական հարցի մասին։

Շարժանկարի հեղինակ թուրք յայտնի լրագրող Թահա Աքեոլ՝ հաւատարիմ մնալով Հայոց ցեղասպանութեան հարցին մէջ Թուրքիոյ ժխտողական քաղաքականութեան նշած է, որ պատերազմի տարիներուն տեղի ունեցած է տեղահանութիւն, որուն ընթացքին մարդիկ մահացած են։

«Պէտք չէ մոռնալ արեւելեան շրջաններուն մէջ հայերու ռուսական զօրքերուն ցուցաբերած աջակցութիւնը։ Թէեւ իսկապէս ցաւալի է այն, ինչ կատարուեցաւ տեղահանութեան ժամանակ, սակայն վնաս կրած են թէ՛ հայերը, թէ՛ ալ իսլամները։ Ասիկա ընդհանուր ցաւ է, սակայն ոչ ցեղասպանութիւն», ըսած է Աքեոլ։

Պաշտօնական Անգարան վերջին տարիներուն փոխած է մարտավարութիւնը եւ կը փորձէ խիստ ժխտումէն անցում կատարել աւելի ժամանակակից ու արդիւնաւէտ միջոցներու՝ Ցեղասպանութիւնը կոչել այլ բառերով։ Թրքական կողմը աշխուժօրէն կը կիրարկէ «ընդհանուր ցաւ»-ի թեզը, որ ամբողջովին արտացոլաց նաեւ Էրտողանի կողմէ 2014-ի Ապրիլ 24-ի նախօրեակին տարածուած ուղերձին մէջ։ Ըստ «ընդհանուր ցաւ»-ի թեզի՝ «Համաշխարհային Ա. պատերազմի տարիներուն տեղի ունեցած են ցաւալի դէպքեր, որոնց զոհ գացած են ոչ միայն հայերը, այլ նաեւ թուրքերն ու այլ իսլամներ, իսկ այդ ցաւը բոլորինն է»։

Այսպիսով՝ Թուրքիան կը խուսափի հայերու զանգուածային կոտորածներն ու հայրենազրկումը կոչել ցեղասպանութիւն, ինչպէս նաեւ կը փորձէ հայերու «ցաւը» տեղաւորել Համաշխարհային Ա. պատերազմի ծիրին մէջ եւ հաւասարեցնել թուրքերու կորուստներուն, ինչ որ որեւէ կապ չունի իրականութեան հետ։


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.