Դեկտեմբեր 12, 2025
Ցեղասպանութեան Հարցով Թուրքիոյ Մէջ Նոր Գիրք Լոյս Տեսած Է
- (0)
ՊՈԼԻՍ.- Հրանդ Տինք հիմնարկին կողմէ հրատարակուած «Հայոց Ցեղասպանութեան հարցով՝ խիղճ եւ պատասխանատուութիւն. Փրկուածներու մասին նոր ուսումնասիրութիւններ» անունով գիրքի շնորհահանդէսը պիտի կայանայ այսօր՝ Մարտ 14ին, Ճեզայիրի սրահին մէջ:
Դոկտոր Ալպեր Օքթեմինի կողմէ նախաձեռնուած եւ «Պատմութեան հետազօտութիւններու խրախուսման» հիմնարկի աջակցութեան արժանացած աշխատանքները հաւաքուած են մէկ գիրքի մէջ:
Գիրքին մէջ տեղ գտած են նաեւ Ճորճ Շիրինեանի, Պուրչին Կերչեքի, Արմէն Մարսուպեանի, Իշխան Չիֆտչեանի, Նամըք Քեմալի եւ Ատնան Չելիքի աշխատութիւնները:
Գիրքի շնորհահանդէսին ըն-թացքին բացման խօսքով հանդէս պիտի գան փաստաբան Ֆեթհիյէ Չեթինն ու Սուրի նախկին նահանգապետ Ապտուլլահ Տեմիրպաշը:
