Նոր Պաղ Պատերազմի Յորձանուտին Մէջ (Բայց Կայուն Կողմնացոյցով)
ՎԱՉԷ ԲՐՈՒՏԵԱՆ
Պերլինի պատին փլուզումով, համաշխարհային կարծիքը ունեցաւ այն խաբկանքը եւ թիւր տպաւորութիւնը, որ Արեւմուaտքի եւ Խորհրդային Միութեան միջեւ մղուող Պաղ պատերազմը վերջ գտաւ Արեւմուտքին յաղթանակով:
Արեւմուտքի վերլուծաբանները փութացին յայտարարելու նաեւ, որ Պաղ պատերազմի այս արդիւնքով աւարտը նաեւ յաղթանակն է դրամատիրական գաղափարախօսութեան ընդդէմ ընկերվարութեան: Անկախ այն իրողութենէն, որ այս մօտեցումը ինքնին խեղաթիւրում է իրականութեան (որովհետեւ ընկերվարութիւնը եւ խորհրդային համայնավարութիւնը իրարմէ էապէս տարբեր գաղափարախօսութիւններ են. Բայց այդ մասին՝ տարբեր առիթով), Քլինթընի օրերու քաղաքական իրականութիւնները եկան փաստելու, որ ո՛չ, Պաղ պատերազմը վերջ չէ գտած, հակառակ այն իրողութեան, որ երկու կողմերէն մէկը դադրած էր «կրակելէ»:
Կորպաչեւ եւ Միացեալ Նահանգներու այդ օրերու պետական քարտուղար Ճէյմզ Պէյքըր յանգած էին համախոհութեան մը, ըստ որուն, Խ. Միութիւնը պիտի չընդդիմանայ Գերմանիոյ վերամիացումին, պայմանով՝ որ ՆԱԹՕն ոչ իսկ մէկ սանթիմ պիտի ընդարձակուի դէպի Արեւելք:
Սակայն Արեւմուտքը չյարգեց իր խոստումը՝ պատրուակելով, որ նման գրաւոր համաձայնագիր գոյութիւն չունի եւ Արեւելեան Եւրոպայի գրեթէ բոլոր երկիրները, ներառեալ Պալթեանները եւ նոյնիսկ Վրաստան, այսօրուան դրութեամբ կա՛մ ՆԱԹՕի անդամ են եւ կամ անդամակցութեան ենթադրած ռազմավարական պլոքին մաս կը կազմեն: Այս գործընթացին հիմքը դրուեցաւ Քլինթընի կողմէ, իր իշխանութեան գալէն անմիջապէս ետք:
Ելցին, իր նախագահութեան օրերուն, իր՝ հարբեցողութենէն զերծ պահերուն նոյնիսկ, ուղեղը չունէր ըմբռնելու, թէ Պաղ պատերազմը կը շարունակուի, իբրեւ հիմնական թիրախ ունենալով ի՛ր իսկ ղեկավարած երկիրը, Ռուսիան: Մինչեւ որ պալատական լռիկ-մնջիկ յեղաշրջումով մը զինք կամացուկ մը մէկդի սահեցուցին եւ իշխանութեան գլուխ եկաւ Փութին:
Ռուսիոյ նոր ղեկավարը ընդամէնը քանի մը տարուան ընթացքին յաջողեցաւ իր ներքին տունը որոշ չափով կարգի բերել (տնտեսութիւն, պետական կառոյցներ եւայլն) ու ապա 2007ին, Միւնիխի մէջ գումարուող Ապահովական ամէնամեայ գերաստիճանին ընթացքին յայտարարեց, թէ պիտի չընդունի, որ Արեւմուտքը Ռուսիոյ հետ շարունակէ վարուիլ ըստ կամս, այդ օրերը անցած են, եւ թէ Ռուսիա, իբրեւ անկախ ու գերիշխան պետութիւն, ինք եւս ունի շահեր, որոնք պէտք է յարգուին Արեւմուտքին կողմէ: Ան նաեւ շեշտը դրաւ հարցերը դիւանագիտական միջոցներով ու գործակցութեան ոգիով լուծելու առաջադրանքին վրայ:
Արեւմուտքին համար այս մէկը ընդունելի չէր ու հաւարը փրթաւ: Ներկայ դրութեամբ Արեւմուտքը, պետական բարձրագոյն մակարդակներէ մինչեւ մամուլ (տպագիր, եթերային թէ էլեկտրոնիկ), հակառուսական եւ հակափութին բուռն քարոզչութեան լծուած է, ընդհանրապէս խուժանավար ու աժան միջոցներով:
Տակաւին երկու շաբաթ առաջ էր, երբ Մոսկուայի մէջ կը սպաննուէր Պորիս Նեմցով, Արեւմտեան քարոզչական միջոցներէն ելոյթ ունեցող «մասնագէտ վերլուծաբաններ», անմիջապէս ու գրեթէ բառացիօրէն Փութինին վերագրեցին ոճիրը, ճիշդ իրենց ձեռքը տրուած ոտանաւորը գոց սորված նախակրթարանի աշակերտներու նման: Կեղծ հիմնաւորումը այն էր, որ Նեմցով Փութինի ընդդիմադիրներէն էր եւ «բռնատէր» Փութին այս ձեւով իր ընդդիմադիրները հրապարակէն կ՛անհետացնէ: Նոյն այս «վերլուծաբանները» շատ լաւ գիտէին, թէ Նեմցով երբեք կշիռ չէ ունեցած իբրեւ լուրջ ընդդիմադիր. Տումայի վերջին ընտրութիւններուն, իր ցանկը չէր կրցած անցնիլ նոյնիսկ 5 տոկոսի շեմը եւ թէ Տումայէն ներս Փութինի հիմնական ընդդիմադիրները … համայնավարներն են (որոնց մասին չի խօսուիր անշուշտ): Բայց տրուած ըլլալով, որ Նեմցով Արեւմուտքին կողմէ կը նկատուէր նոր ազատականութեան մտածողութեան «շփացած երեխաներէն» մէկը, ատոր համար հերոսացուեցաւ:
Արեւմտեան քարոզչական միջոցներէն «Նիւ Եորք Թայմզ»ը, անցնող տարուան ընթացքին, առնուազն երկու տարբեր առիթներով ռուսական հրասայլերու լուսանկարներ հրատարակեց, պնդելով, որ ռուսական ուժերը Ուքրանիա «կը ներխուժեն» ու ահաւասիկ «փաստը»: Մէկ երկու օր ետք երբ անկախ լրատուամիջոցներ փաստեցին, որ նոյն այդ նկարները առնուած են Ռուսիոյ մէջ կայացած ռազմափորձերու ընթացքին, թերթը «սորի» ըսաւ ու ետ քաշեց իր պնդումները:
Անցեալ ամառ Ուքրանիոյ մէջ խորտակուած մալեզիական օդանաւուն պարագային եւս, նոյն քարոզչամիջոցները քանի մը շաբաթ բացէ ի բաց Ռուսիան եւ Արեւելեան Ուքրանիոյ «անջատողականները» ամբաստանեցին այդ «անարգ ոճիրին» համար: Ոչ ոք սպասեց մասնագիտական քննութեան մը արդիւնքին, որ օդանաւային արկածներու պարագային կրնայ մինչեւ մէկ տարի տեւել: Այդ ողբերգական դէպքը երկու շաբաթ շահագործելէ ետք, արեւմտեան քարոզչական միջոցները «դանակի պէս» կտրեցին իրենց ձայնը:
Չենք ուզեր որ ստեղծուի այն տպաւորութիւնը, որ մենք կը փորձենք հակաարեւմտեան եւ ռուսամէտ տրամադրութիւններ ստեղծել: Ոչ մէկ պատճառ ունինք համակրական կամ հակակրական զգացումներ ունենալու ոեւէ մէկուն նկատմամբ: Քաւ լիցի. մենք պարզապէս կը փորձենք ցոյց տալ, որ աշխարհը այսօր կը գտնուի նոր Պաղ պատերազմի մը յորձանուտին մէջ: Բան մը, որ հայութեան ու Հայաստանի համար նպաստաւոր չէ. որովհետեւ ուզենք կամ ոչ, ՆԱԹՕի անդամ Թուրքիոյ կողքին, Արեւմուտքը ե՛ւս ունի պատասխանատուութեան իր բաժինը մեր Դատի արդար լուծումին մէջ: Իսկ երբ համաշխարհային քաղաքական կացութիւնը դէպի բեւեռացում կերթայ վտանգաւոր քայլերով, մեզի համար կը ստեղծուի ռազմավարական աննպաստ կացութիւն:
Մենք պարզապէս կուզենք, որ իր ազգին շահերուն հետամուտ հայ մարդը (ուր որ ալ բնակի) կարենայ քարոզչութիւնը զանազանել իրական, չորուցամաք տուեալներէն: Վերջին հաշուով, եթէ պիտի վերլուծենք դէպքերը, չենք կրնար զգացականութեամբ առաջնորդուիլ, ոչ ալ կրնանք ազդուիլ այս կամ այն կողմի քարոզչական հնարքներէն: Մեր ազգային հաւաքական շահերուն կողմնացոյցը կայուն պէտք է պահենք: