Նախագահը ընդունած է Սահմանադրական բարեփոխումներու Հ.Յ.Դ.ի առաջարկած գրեթէ բոլոր կէտերը
Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահի տեղեկատուութեան ծառայութենէն յայտնած են, որ նախագահ Սերժ Սարգսեան սահմանադրական փոփոխութիւններուն շուրջ հանդիպումներ ունեցած է քաղաքական ուժերու, որոնց շարքին ` Հ.Յ.Դ.ի հետ:
Մարտ 12ին տրուած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին, լրագրողները Հ.Յ.Դ. խմբակցութեան պատգամաւոր Արծուիկ Մինասեանէն հետաքրքրուած են, թէ ի՞նչ քննարկուած է նախագահին հետ այդ հանդիպման ընթացքին:
Ա. Մինասեան պատասխանած է.- «Մենք հրապարակած ենք հայեցակարգի վերաբերեալ մեր առաջարկները: Մինչեւ այդ հայեցակարգը նախագահին կողմէ ընդունուիլը, անհրաժեշտ էր, որ մեր տեսակէտները քննարկուէին նախագահին հետ: Այս պահու դրութեամբ արձանագրենք, որ գրեթէ բոլոր կէտերուն շուրջ կայ փոխադարձ ընկալում եւ մեր առաջարկները գրեթէ ամբողջութեամբ իրագործման ենթակայ են: Ճամբու քարտէսը եւ ժամկէտները բոլոր կէտերով տակաւին քննարկման փուլի մէջ են:
Այն մասով, որ այստեղ սահմանադրական բարեփոխումներու անհրաժեշտութիւն կայ, լիակատար համաձայնութիւն է։ Երկրորդ` շեշտադրումները, տնտեսական, քաղաքական, մարդկային իրաւունքներու, տեղական ինքնակառավարման մարմիններու եւ դատական համակարգերու, իշխանութիւններու թեւերու հաւասարակշռման եւ փոխադարձ զսպումներու մարզերու, իշխանութիւն-ընդդիմութիւն միասնական քաղաքական համակարգ ունենալու հարցերու վերաբերեալ, մեծամասնութեամբ կը համընկնին մեր մօտեցումներուն: Որոշակի խմբագրումները մասնագիտական յանձնախումբը պիտի ընէ: Կախուած անկէ, թէ միւս քաղաքական ուժերուն տեսակէտները ինչպիսի՛ն պիտի ըլլան, եւ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահին արձագանգը ինչպէ՞ս պիտի ըլլայ: Արդէն ատկէ ետք պարզ կ՛ըլլան թէ՛ ժամկետները, թէ՛ սահմանադրական փոփոխութիւններու բուն բովանդակութեան մշակման յաջորդականութիւնը»:
Պատասխանելով այն հարցումին, թէ նախագահին հետ ո՞ր կէտին շուրջ համաձայնութիւն չեն գոյացուցած, Արծուիկ Մինասեան ըսած է.- «Չեմ ըսեր, որովհետեւ քննարկումները տակաւին կը շարունակուին: ժամանակէն առաջ զանոնք հրապարակելը չեմ կարծեր, որ ճիշդ, արդիւնաւէտ է: Մենք կը շարունակենք քաղաքական քննարկումները, նախագահը կը շարունակէ խորհրդակցութիւնները այլ քաղաքական ուժերու հետ: Երբ մենք կ’ունենանք լիարժէք պատկեր, ատոր մասին յստակ կը խօսինք բոլոր կէտերուն վերաբերեալ»: