Հայոց Ցեղասպանութեան պատճառած կորուստներուն մասին նոր կայքէջ


Վնասի վերականգնման եւ անվերականգնելի վնասի դիմաց փոխհատուցման ընդհանուր գումարը, հայկական տարածքները նոյնիսկ նուազագոյն չափով վերադարձնելու պարագային, կը կազմէ շուրջ 3 եռիլիոն ամերիկեան տոլար (3 Trillion dollars) $ 3,000,000,000,000

Armeniangenocidelosses.am կայքէջը նուիրուած է Հայոց ցեղասպանութեան հարիւրամեակին։ կայքէջը կ՚ուրուագծէ Հայոց Ցեղասպանութեան պատճառուած կորուստը, այն համոզումով, որ վնասի չափի աւելի լաւ գիտակցումը պիտի օգնէ յառաջ ընթանալու ուղիներու որոնման։

Կրած վնասներու մեծ մասը արդէն անշրջելի է։ Սակայն ճիշդ չէ, որ այդ վնասներու բեռը կրեն միայն տուժածներն ու անոնց ժառանգները, մինչ մեղաւորները կը վայելեն իրենց յանցագործութեան պտուղները, իսկ ուրիշ պետութիւններ օգուտ կը քաղեն ստեղծուած վիճակէն։

Փոխհատուցումը երբեք պիտի չհատուցանէ ամբողջ վնասը, սակայն հնարաւորութիւն պիտի տայ մեղաւորներու եւ յանցագործութենէն օգտուողներուն, որոշ չափով քաւելու իրենց մեղքը, իսկ ատիկա կարեւոր է ամբողջ մարդկութեան եւ ապագայ սերունդներու համար։

Հայոց Ցեղասպանութեան կորուստները. Վնասի հաշուարկ 100 տարի ետք

Ցեղասպանութիւնը այնպիսի ծանր ոճիր է, որ նոյնիսկ մէկ դար ետք դժուար է գնահատել անոր պատճառած աւերը։ Այդ աւերի զգալի մասը կարելի չէ վերականգնել՝ սպաննուած ազգեր, կորսուած սերունդներ, արմատախիլ եղած համայնքներ, ոչնչացուած մշակութային ժառանգութիւն, բռնագրաւուած ունեցուածք եւ թալանուած հարստութիւններ։

Կայքէջը նուիրուած է Հայոց ցեղասպանութեան հարիւրամեակին եւ ընդհանուր սահմաններով կ՚ուրուագծէ պատճառուած կորուստը, այն համոզումով, որ վնասի չափի աւելի լաւ գիտակցումը պիտի օգնէ յառաջ ընթանալու ուղիներու որոնման։ Բազմաթիւ երկիրներ եւ տարբեր քաղաքական շահեր դերակատարութիւն ունեցած են Հայոց ցեղասպանութեան իրականացման մէջ եւ ալ աւելի շատերը վերջին հարիւրամեակի ընթացքին իրենց սեփական արտաքին քաղաքական եւ տնտեսական նպատակները յառաջ մղելու համար օգուտ քաղած են Հայկական հարցի եւ Հայոց ցեղասպանութեան շահարկումէն։

Վերականգնելի վնասը պէտք է վերականգնուի։ Անվերականգնելի վնասը պէտք է փոխհատուցուի։ Ասիկա է այն առաջարկը, որ կատարուեցաւ հայկական պատուիրակութեան կողմէ 1919-ին, Փարիզի խաղաղութեան վեհաժողովի ընթացքին, եւ որ տակաւին ի զօրու է մատնանշել յառաջ ընթանալու ուղին։

1919 թուականին քննարկուող բանաձեւը կը ներկայացնէր հայրենիքի վերականգնման եւ հայ ժողովուրդի կրած անվերականգնելի կորուստներու փոխհատուցման անհրաժեշտութիւնը։ Փոխհատուցման գնահատականները կ՚ելլէին այն կանխադրոյթէն, որ հայերու հայրենիքը՝ Սեւ ծովէն մինչեւ Միջերկրական ծով պէտք է վերադարձուի հայերուն։ Սակայն, ինչպէս յայտնի է, ո՛չ անվերականգնելի կորուստները փոխհատուցուեցան, ո՛չ ալ հայրենիքը վերականգնուեցաւ։

Ժամանակին հայերու ցեղասպանութեան հարցով համապարփակ եւ արդար կերպով չզբաղիլը մարդկութեան վրայ շատ սուղ նստաւ։ Ճիշդ ժամանակին արդար լուծում ստանալու պարագային, թերեւս կարելի պիտի ըլլար խուսափիլ նոր պատերազմներէն, կանխարգիլել ցեղասպանութիւնները եւ պատմութեան այլ ընթացք տալ։ Հետագայ դանդաղումը կը ծնի նոր կորուստներ։ Հայերը անհատապէս մասամբ վերականգնուած են հարիւր տարի ետք։ Սակայն մարդկութեան համար հատուցման չարժանացած Հայոց ցեղասպանութիւնը տակաւին կը մնայ խոչընդոտ աւելի խաղաղ եւ քաղաքակիրթ ապագայի կերտման հարցին մէջ։

– Restitutio ad integrum-ը զոհերու կորուստներու հաշուարկի միջազգային չափորոշիչ է։ Ատիկա կը նշանակէ ամբողջութեամբ վերականգնել զոհերու այն վիճակը, որուն մէջ անոնք պիտի ըլլային, եթէ չըլլար ցեղասանութիւնը։

Վերականգնելի վնասները ենթակայ են վերականգնման։

Անվերականգնելի վնասները ենթակայ են փոխհատուցման։

– 1919-ի, Փարիզի հաշտութեան վեհաժողովին ներկայացուած պահանջը 19 միլիառ ֆրանսական ֆրանք էր։ (1919 թուականին ֆրանս. Ֆրանք, արծաթեայ մետաղադրամներ, ներկայի արժողութեամբ $2,18/ֆր=42,5 միլիառ)։ Ասիկա չի ներառեր յետաձգման վնասները։

Համեմատութեան համար 1919-էն մինչեւ այսօր Միացեալ Նահանգներու տոլարը արժեւորուած է շուրջ 20 անգամով՝ 20 x $42,5 միլիառ = $850 միլիառ։ Ասիկա չի ներառեր ուղղակի կամ անուղղակի վնասները եւ բաց ձգուած օգուտները։՚

Յետաձգման վնասները
Հետաձգման վնասները հաշուարկուած են օգտագործելով ներկայ արժէքը, ինչպէս նաեւ դրամի եւ ունեցուածքի արժէքը ժամանակի մէջ, ինչը կը ներառէ նախնիներու հայրենիք մուտք գործելու հնարաւորութենէն զրկելը 100 տարիով, մշակութային ժառանգութեան պահպանման հարցին մէջ խափանումները, ոճրագործութիւնը ժխտելու, արդարադատութեան ուշացման եւ ազգային հարստութեան եւ հայրենիքի թալանին ականատես ըլլալու հետ կապուած զգացական հարցերը։

Անվերականգնելի վնասը
Անվերականգնելի վնասը կ՚ընդգրկէ 1919-էն ետք եղող ժամանակաշրջանին մէջ մարդոց կեանքի, շարժական եւ անշարժ գոյքի կորուստը, պատճառուած վնասներու եւ 1919-1923 թուականներու փախստականներու պահպանման ծախսերը, ոչնչացուած եւ պղծուած մշակութային ժառանգութիւնը, բնական հարստութիւններու եւ տարանցիկ ուղիներու օգտագործման դիմաց եկամուտներու կորուստը, թալանուած ունեցուածքը, որ չէ հաշուարկուած 1919 թուականին Փարիզի մէջ ներկայացուած պահանջի մէջ, Թուրքիոյ մէջ գտնուող հայերու դէմ շարունակական խտրականութիւնը, ճնշումները եւ հալածանքները, ինչպէս նաեւ բնական հարստութիւններու (հանքանիւթեր եւ այլն) հաշուարկուած եկամուտները եւ շրջափակմամբ ու դէպի ծով ելք չունենալու պատճառով Հայաստանի մինչեւ օրս կատարած ծախսերը։

1919 թուականի խաղաղութեան բանակցութիւններուն մէջ որդեգրուած մօտեցման համաձայն, երկիրի տարածքները եւ ատոնց հետ կապուած ունեցուածքը կը դիտարկուի իբրեւ բնական փոխհատուցում դրամական հաշուարկով կորուստներու դիմաց։

Վերականգնելի Վնասներ
Վերականգնելի Վնասներ. Այսպիսով երկիրի տարածքներու եւ ունեցուածքի վերականգնումը կը նուազեցնէ անվերականգնելի եւ առայժմ չհատուցուած վնասի փոխհատուցման չափը։ Հողային արժէքը կը ներառէ զանազան իրաւունքներ, ելք դէպի ծով, զբօսաշրջութիւն, հանածոները երկրին մէջ եւ ափամերձ գօտիին մէջ, ջրային պաշարները (ներառեալ ելեկտրականութեան արտադրութիւնը եւ ջուրի գիւղատնտեսական օգտագործումը), բերրի հողատարածքները, բարեխառն գօտիները, ապառազմականացուած անվտանգութեան գօտիները, կենսաբազմազանութիւնը, որ պահպանուած եւ զարգացած է հայերու կողմէ, ինչպէս նաեւ նախնիներու սրբավայրերն ու մշակութային ժառանգութիւն։

Թուրքիա
Թուրքիան, քիւրտերու հետ միատեղ, հայերու ցեղասպանութիւնը իրականացնողն էր։ Թուրքերը գլխաւոր շահառուն են եւ ոճրագործութեան պատշաճ հատուցման ձգձգման հիմնական պատճառը։

Գերմանիա
Համաշխարհային առաջին պատերազմին մէջ Թուրքիոյ դաշնակից Գերմանիան մեղսակից էր Հայոց ցեղասպանութեան ծրագրաւորման եւ իրականացման։ Աւստրօ-Հունգարիան Գերմանիոյ եւ Թուրքիոյ դաշնակիցն էր համաշխարհային պատերազմին մէջ եւ չմիջամտեց ցեղասպանութեան կանխարգիլման հարցին։

Ռուսիա, Անգլիա, Իտալիա եւ Միացեալ Նահանգներ
Ռուսիան, Անգլիան, Իտալիան եւ Միացեալ Նահանգները՝ իւրաքանչիւրը նպաստած են այն պայմաններու գոյացման, որոնք պատճառ հանդիսացան Հայոց ցեղասպանութեան համար։ Այդ երկիրները չմիջամտեցին ցեղասպանութեան կանխարգիլման համար, իսկ աւելի ուշ առեւտուրի առարկայ դարձուցին Հայոց ցեղասպանութեան պատշաճ հատուցումը, իրենց սեփական տնտեսական եւ աշխարհաքաղաքական շահերու հետ կապուած խնդիրները լուծելով Հայաստանի շարունակական աւերման եւ հայ ժողովուրդի ու մշակոյթի ոչնչացման հաշւոյն։

Իսրայէլ, Անգլիա եւ Միացեալ Նահանգներ
Իսրայէլը, Անգլիոյ եւ Միացեալ Նահանգներու հետ միատեղ շահած է Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման յետաձգումէն, օգտագործելով այդ վիճակը իբրեւ նպաստաւոր գործօն ու լծակ Թուրքիոյ հետ առեւտրական, ներդրումային, ռազմական եւ աշխարհաքաղաքական գործարքներու հարցերուն մէջ՝ ի հաշիւ Հայոց ցեղասպանութեան զոհերուն։

Թուրքիա, քիւրտեր եւ Գերմանիա
Թուրքիան, քիւրտերը եւ Գերմանիան պատճառեցին ուղղակի վնասի մեծ մասը եւ/կամ անմիջական օգուտներ քաղեցին հայկական ցեղասպանութենէն, իսկ Անգլիան, Միացեալ Նահանգները, Ֆրանսան եւ Ռուսիան ստացան անուղղակի օգուտներ։ Աւելի ուշ շրջանին մէջ հատուցման ձգձգման հասցուած վնասը հիմնականին մէջ կը կապուի Միացեալ Նահանգներու, Անգլիոյ եւ Իսրայէլի հետ։

Վերականգնելու վնասի վերականգնման եւ անվերականգնելի վնասի դիմաց փոխհատուցման ընդհանուր գումարը, հայկական տարածքները նոյնիսկ նուազագոյն չափով վերադարձնելու պարագային, կը կազմէ շուրջ 3 եռիլիոն ամերիկեան տոլար։ Եթէ այդ գումարը տարիներու որոշակի ժամանակահատուածի մէջ վճառուի, ապա անիկա պիտի չգերազանցէ Հայոց ցեղասպանութիւնը իրագործած եւ ատկէ շատ ստացած պետութիւններէն որեւէ մէկուն համախառն ներքին արտադրութեան մէկ փոքրիկ մասը եւ կրնայ իրականացուիլ հիմնականին մէջ ապագայ դրամական հոսքերու հաշուին։


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.